Առաջնորդարանէն

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Նախքան իմ հոգեւոր խօսքը, պարտք կը զգամ փոխանցել Թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հայրական ողջոյնները։ Նորին Սրբութիւնը այս առաւօտ, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս իր պատգամին եղբայրական սիրոյ ողջոյններ յայտնելէ ետք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Երուսաղիմայ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Նուրհան Արքեպիսկոպոսին եւ Կ․ Պոլսոյ Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոսին, հայրական իր օրհնութիւնը բաշխեց Թեմակալ Առաջնորդներու միջոցաւ մերազնեայ ժողովուրդի զաւակներուն, մաղթելով որ Աստուածորդւոյն Ծննդեան ու Յայտնութեան տօնով ամէնքս վերանորոգուինք մեր հաւատքով եւ ինքնութեամբ, անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ։

Այսօրուան տօնի խորհուրդը կը հրաւիրէ մեզ բոլորս մեր հոգիի աչքերով ընկերանալու Բեթղեհէմի մէջ իրենց հօտը արածող հովիւներուն, որպէսզի վայելենք հրեշտակներու փառատրութեան երգը՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղկ․2. 14)։

«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ»։ Այս բառերով Երկնային Զօրքերը կը փառաբանէին Ստեղծագործ, կեանքի Աղբիւր, Նախախնամող զԱստուած, որ անհաս է մարդկային ամէն մտքին, եւ որ ժամանակներէն առաջ մինչեւ յաւիտեան կը փառաբանուի իր անհուն սիրոյ էութեամբ եւ ներգործութեամբ բիւրաւոր Հրեղէններու կողմէ։

«Փա՜ռք  ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն», որովհետեւ իր գերագոյն սէրը Ան արտայայտեց մսուրի մէջ, որպէսզի երկնային խաղաղութիւնը տարածէ նաեւ երկրի վրայ։ Այն խաղաղութիւնը որ խոստացաւ իր բոլոր սիրեցեալներուն, ըսելով. .«Իմ խաղաղութիւնս կու տամ Ձեզի, իմ խաղաղութիւնս, որ այս աշխարհի խաղաղութենէն տարբեր է» (Յհ. 14.27)։ Խաղաղութիւն մը, որ անսասան կը պահէ անձ մը կամ հաւաքականութիւն մը, որովհետեւ վեր է նոյնիսկ մահուան սպառնալիքներէն։

«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ․․․ի մարդիկ հաճութիւն»։ Արդարեւ, Աստուածորդւոյն մարդեղացումը, որքան որ Չարին խորհուրդով եւ մեղքի պատճառաւ Աստուած-մարդ կործանուած ուղղահայեաց կապը վերանորոգել էր, նոյնքան Աբէլ-Կայէնեան հորիզոնական՝ եղբայրական բեկանուած յարաբերութիւնը ուղիղ ընթացքի մէջ բերել էր Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ։

Ահա հրեշտակներու աւետած այս պատգամն է որ տարբեր ազգի զաւակներու հետ Հայ ժողովուրդը եւս ընդունեց իր Սանդուխտ եւ Հռիփսիմէ ու Գայիանէ կոյսերով, իր Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ ու Մեսրոպ եւ անհամար վկաներով ու սուրբերով։ Եւ միախառնելով իր առօրեայ կեանքին, լոյսը բացուող, բարին բացուող օրուան հետ Հայ հաւատացեալը երգեց  «Առաւօտ լուսոյ, Արեգակն արդար, Առ իս լոյս ծագեա»։ Հայ գիւղացին արտին մէջ «Հոռովել»ի խաղաղութեան երգը երգեց իր եզին հետ։ Մոմի աղօտ լոյսի տակ ծուարած Գրիչն ու Ծաղկողը կեանք տուաւ մեռած մորթին՝ մագաղաթին։ Ձմրան քամիին թէ ամրան շոգին, քարակոփը կեանք տուաւ անշունչ քարին՝ կերտելով Աստուծոյ սիրոյն յայտարար՝ Խաչքարը; Ի մի բան, Հայը կեանք, խաղաղութիւն եւ բարութիւն բաշխեց Աստուծոյ պարգեւած ամէն օր, նոյնիսկ երբ աշխարհը հալածանքի, սպանդի եւ ցեղասպանութեան մրուր հրամցուց իրեն։

Այսօր, անգամ մը եւս երբ հաւաքուած ենք նոր հաւատքով ու յոյսով խաղաղութիւն հայցելու համայն աշխարհին, բոլորիս սրտերն ու մտքերը կ՛ուղղուին մեր ալեկոծեալ հայրենիքը, ուր անցնող հինգ տարիներու անպատմելի կորուստներէն ետք, վերջին ամիսներուն վկայ կը դառնանք աննախընթաց փոթորկումներու, լոզունգներով թաքնուած ծրագիրներ յաջողցնելու յստակ եւ մեկին առաջադրանքի՝Բարեկարգել Հայ եկեղեցին, երբ անդին դժբախտաբար, քաղցկեղի նման ամէն օր նահատակներու արեամբ նուիրականացած հայրենի հողը կ՛անդամահատուի։

Ո՛չ մէկ կասկած, որ ողջունելի է նման առաջարկ մը, եթէ ըլլար «նախանձ, տան քո կերիցէ զիս»ի աստուածախարիսխ նախանձախնդրութեան ոգիով (Յհ. 2.17)։ Ո՛չ մէկ առարկութիւն նման մտայղացումի, որովհետեւ բարեկարգութիւնը բանալին է առողջ գործունէութեան, զարգացման ու յառաջդիմութեան, որեւէ կառոյցի՝ հայ թէ օտար, եկեղեցական թէ աշխարհական։ Արդարեւ, բարեկարգութեան հրամայականը կը զգացուի ո՛չ միայն Հայ, այլ Քրիստոսի մարմինը կազմող Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պարագային, ըլլա՛յ Կաթողիկէ, Ուղղափառ, նոյնիսկ աւանդական կերպով  Բողոքական կոչուած եկեղեցիներուն մէջ, չյիշելով վերջինէս ճիւղաւորուած կրօնական անհամար խմբակցութիւնները։

Բարեկարգել նախ կ՛ենթադրէ բարեկարգուիլ, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս ըսաւ. «Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ գերանը հանէ եւ ապա՝ եղբօրդ աչքին շիւղը» (Մտ. 7.4)։

Բարեկարգութիւնը հրամայական է ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ պետութիւններու, որոնք Աստուծոյ հաշուետու են իրենց ստանձնած իշխանութեան համար։ Մանաւանդ մեր հայրենի իշխանութիւնը, որ ժողովրդավարութեան պատմուճանին տակ ծուարած, միահեծանութեամբ հայրենի կառաշարը անդունդն ի վար կը վարէ, եւ ճճիներու նման կը սողոսկան եւ կը պարարտանան նոյն տիղմին մէջ, որով կ՚ամբաստանէին նախորդները։ Ալ չխօսինք ժողովրդաընտիր Խորհրդարանին մասին, ուր ժողովուրդին ձայնը մարած է, իսկ դատարաններուն պարագային՝ արդարութիւնը իսպառ հեռացուած է։

Որքա՜ն շնորհաւորելի է որ արդէն իսկ Բարեկարգութեան քարտէս մը պատրաստուած է։  Սոյն յայտարարութիւնը լսող ոեւէ հայու իրաւունքն է նաեւ հարց տալ, թէ նոյն նախանձախնդրութեամբ ե՞րբ պիտի յայտարարուի քարտէզը՝ ա․ Բաքուի բանտերուն մէջ հիւծող հայ բանտարկեալներու ազատագրման, բ․ Արցախի 120․000 տարագիր հայորդիներու իրենց պապենական հողերուն վերատիրացման, գ․2018-ին ժառանգուած Հայաստանի սահմանները իրենց օրինական գիծերու վերադարձման։

Յարգելի են բոլոր այն ղեկավարները, եկեղեցական թէ աշխարհական, որոնք չեն թաքնուիր լոզունքներու ետին, որոնք հանրութեան կր ներկայանան առանդ դիմակի, որոնք այնպէս ինչպէս թափանցիկութիւն կը պահանջեն իրենց ենթականերէն, նոյնքան թափանցիկ իրենք կը ներկայանան, եւ  որոնք ինչ-ինչ պատճառներով իրենց հոգին չեն ծախեր սատանային։

Ես խոնարհաբար կը համբուրեմ այն ձեռքը, որ զերծ ինքնարդարացումի եւ ստորակայութեան ամէն բարդոյթէ, կը ստորագրէ ո՛չ թէ միակողմանի, այլ երկկողմանի շահերու հաւասար իրաւունքները։

Ես ծունկի կու գամ այն ոտքերուն առջեւ, որ ո՛չ թէ եկեղեցիէ եկեղեցի քայլարշաւ կազմակերպելով հակառակութեան, ատելութեան, բաժանումի որոմ կը սերմանէ Հայրենի թէ սփիւռքի եկեղեցական թէ աշխարհական դասերուն մէջ, այլ եկեղեցւոյ մը մութ անկիւնը, սիւնի մը տակ կանգնած, կուրծքը ծեծելով, «Աստուած, քաւեա՛ զիս զմեղաւորս» կ՛ըսէ։ Այնպիսին ո՛չ միայն մարդոցմէ կը գովուի, այլ մտքերն ու սիրտերը կարդացող Աստուծոյ կողմէ, եւ որուն ղեկավարութիւնը օրհնութիւն կը դառնայ ե՛ւ իր ժողովուրդին, եւ դրացի ազգերուն։

Այո՛ գովելի են բոլոր այն ղեկավարները, որոնք անշահախնդիր կերպով կը ծառայեն եւ միասնականութեան ու համագործակցութեան կոչերով հիմերը կ՛ամրացնեն զօրաւոր ու բարգաւաճ պետականութեան։ Բայց վա՛յ անոնց որոնք, ինչպէս օձը Եդեմի պարտէզին մէջ կեանքի խոստումով դատապարտութիւն մատռուակեց մեր նախահայրերուն, մահուան թոյն մակարդելով  կեանքի սրուակին մէջ, պառակտումի, անկումի եւ մահուան կ՚առաջնորդեն Ցեղասպանութենէն փրկուած Հայկազեան ցեղի Մնացորդացը։ Այդպիսիներու կոչերուն պատասխանը Տէրունական խօսքն է՝ «Ետիս գնա՛, սատանայ» (Մտ․4.10)։

Ահա թէ ինչու Հայ եկեղեցին, եղած է, է, եւ կը մնայ անլռելի զանգակատունը արդարութեան, խաղաղութեան, համերաշխութեան ու բարգաւաճման։ Ուստի, հրաժարելով ցարդ կատարուած Հայու ոչ վայել ամէն տեսակի պառակտութիւն սերմանող ամօթալի ու շռնդալի խօսքերէ ու յայտարարութիւններէ, լսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի զգաստութեան ու խոհեմութեան շարունակական յորդորները, որպէս ողջմիտ ազգի զաւակներ երկխօսութեան, իրարհասկացողութեան ճանապարհը ընտրենք, քան ընդդիմախօսութեան եւ քսու դատարկաբանութեամբ զիրար ամբաստանենք եւ ունայնացնենք։

Քալենք այն ճանապարհով որ ինքնաքննութեամբ եւ ինքնասրբագրումով կ՛առաջնորդէ դառնալու բարեկարգեալ եկեղեցի, բարեկարգեալ պետականութիւն եւ բարեկարգեալ ժողովուրդ, որպէսզի արժանի ըլլանք մնալու առաջին Քրիստոնեայ ազգի պանծալի կոչումին, փոխանակ լսելու Տէրունական խօսքը՝ «Առաջինները վերջին պիտի ըլլան, իսկ վերջինները՝ առաջին» (Մտ. 20.16)։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի
6 Յունուար, 2026