Մեր ծուխերէն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Անցեալ շաբաթ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին եզրափակեց առաջին բաժինը նոր նախաձեռնութեան մը, որ ուղղուած է աստուածաշնչական գրագիտութեան սատարել հաւատացեալներուն մէջ։ Հակիրճ ու կարգապահ ամէնօրեայ Աստուածաշունչի ընթերցումները տեղի կ՚ունենան Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ։ Այս առաջին բաժինը նուիրուած էր Ծննդոց գիրքին, մասնակցութեամբ՝ 30 հոգիի, եւ ղեկավարութեամբ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի վարիչ տնօրէն։

Իւրաքանչիւր նիստին ընթերցումը կ՚ընդգրկէր նաեւ Տէրունական աղօթքը, սաղմոս մը եւ Ժամագիրքէն եզրափակիչ աղօթք մը։

Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցումը բոլոր քրիստոնեաներու ամենէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ ամենէն կարեւորը, ու այդպէս եղած է եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ի վեր։ Ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալը, «Աստուծոյ շունչով գրուած ամէն գիրք օգտակար է ուսուցման, յանդիմանութեան, ուղղելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ եւ պատրաստ՝ բոլոր բարի գործերուն համար» (Բ Տիմ 3. 6-17)։

Ամէնօրեայ ընթերցման ծրագիրը պիտի շարունակուի Ելից գիրքով։ Արձանագրութեան մանրամասնութիւններուն համար, այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը.
https://us02web.zoom.us/meeting/register/ChNBvWFWS72mSWGNJjMENA#/registration