Կաթողիկոսարանէն, Մեր ծուխերէն

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԳԼԱՁՈՐ» ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի 2025-ի հատորը, որ կը ցոլացնէ Դպրեվանքի վերջին վեց տարիներու աշխատանքը, լոյս տեսած է Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Լագիսեանի եւ իր կողակիցին՝ երէցկին Էօժէն Լագիսեանի  մեկենասութեամբ, առ ի երախտագիտութիւն Կիլիկեան Դպրեվանքին եւ իբրեւ խրախուսանք անոր տարած առաքելութեան:

«Գլաձոր» տարեգիրքը 1957 թուականէն սկսեալ կը հանդիսանայ Դպրեվանքի սաներու գրական, ուսումնասիրական եւ գեղարուեստական առաջին փորձերուն հանդէսը. հոն կ՚արտացոլայ Դպրեվանքի ոգին իր առօրեայով, առաքելութեամբ, աշխատանքով եւ հունձքերով:

Դպրեվանեցիներ Պիքֆայայի իրենց շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրական հոգածութեան, տեսչութեան անմիջական գուրգուրանքին եւ ուսուցչաց կազմին անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, կը շարունակեն ստանալ իրենց հոգեմտաւոր աճն ու կրթանքը մեծ թափով։ Դպրեվանքի ջանքերուն պատկերը մէկտեղուած է սոյն տարեգիրքին մէջ, շնորհիւ խմբագիրներուն՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի եւ Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեանի տքնաջան աշխատանքին: