News
ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՈՅ ԱՒԱՆԴԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբաթը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէն։ Շաբաթը անցաւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական վկայութեան նշանին տակ եւ քրիստոնէական եկեղեցիներ ամբողջ աշխարհի մէջ անդրադարձան հայոց հաւատքի դարաւոր փորձառութեան։
Հռոմի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ, շաբաթավերջին, քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլը յատկանշուեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութեամբ, որուն նախագահեց Լեւոն ԺԴ. Պապը։ Այս ժամերգութեամբ եզրափակուեցաւ աղօթքի շաբաթը, զանազան եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Ժամերգութեան ընթացքին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդին եւ յիշեցուց, որ այս տարուան աղօթքները պատրաստուած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Անոր խօսքով, անոնք կը վկայեն քրիստոնէական այմ քաջարի հաւատքը, զոր հայ ժողովուրդը դրսեւորած է իր պատմութեան ընթացքին, ուր նահատակութիւնը մշտական յատկանիշ եղած է։
Պապը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց իրենց հայեացքը սեւեռելու Ս. Ներսէս Շնորհալիի վրայ։ Ան Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսը յիշեց իբրեւ միասնականութեան անխոնջ գործիչ եւ դիտել տուաւ, որ Շնորհալի խորապէս կը գիտակցէր, որ միասնականութեան որոշումը ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին կը վերաբերի եւ նաեւ կը ներառնէ յիշողութեան բժշկումը, որ կոչուած է «անցեալի վէրքերը փոխակերպելու հաշտութեան ճանապարհներու»։
Սրբազան Պապը շարունակեց. «Ս. Ներսէս կրնայ մեզի ուսուցանել նաեւ այն վերաբերմունքը, որ պէտք է ունենանք մեր միասնութեան ճանապարհին, ինչպէս կը յիշեցնէր իմ երանաշնորհ նախորդը՝ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը. “Քրիստոնեաները պէտք է ունենան ներքին խոր համոզում, թէ միասնութիւնը անհրաժեշտ է ո՛չ թէ որեւէ ռազմավարական առաքելութեան կամ քաղաքական շահու համար, այլ՝ Աւետարանի քարոզութեան բուն նպատակին համար”»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեցուց, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը այս արտայայտութիւնը ունեցած էր Երեւանի մէջ, Սեպտեմբեր 2001-ին։
Պապը նաեւ յիշեցուց, որ հայերը, իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ, շատ կանուխ ընդունած են Աւետարանը։ Հայաստանէն հաւատքը տարածուեցաւ Արեւելք եւ Արեւմուտք՝ դառնալով միասնութեան եւ խաղաղութեան սերմ։ Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց աղօթել, որպէսզի Աւետարանը շարունակէ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ պտուղ տալ միասնութեան, արդարութեան եւ սրբութեան մէջ, ժողովուրդներու եւ ազգերու խաղաղութեան ի խնդիր։