News
ՄԻՋԻՆ ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Շաբաթ, 24 Յունուարի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Միջին Ատլանտեան շրջանի ծուխերու համագումարը՝ Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ շրջանի տարբեր ծուխերէն հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու ներկայութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) մէջ։
Բացման աղօթքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքերուն մէջ ընդգծեց նման հաւաքոյթներու արժէքը իբրեւ միջոց՝ հաւատքը զօրացնելու, փոխադարձ աջակցութիւն քաջալրելու եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան յանձնառութիւնը վերանորոգելու։ Էտուըրտ Փափազեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, բարի գալուստ մաղթեց հեռուէն ու մօտէն եկած 28 մասնակիցներուն։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, սեմինարի օրակարգը ներկայացուց, որուն նպատակն էր քաջալերել ծուխերու միջեւ գործակցութիւնը եւ անոնց վարչական աշխատանքներուն մէջ ստեղծել գործնական ուղեցոյց մը։ Առաւօտեան ներկայացումները անդրադարձան Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծխական կեանքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ներկայացուց երկու կաթողիկոսութիւններուն պատմական ակունքները եւ անոնց մնայուն կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ։ Գնդ. Սարաֆեան, իր կարգին, ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մինչեւ Ազգային Առաջնորդարանի հաստատումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։
Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Արամ Յովակիմեան, վարեց յետմիջօրէի քննարկումները, ուր անդրադարձ եղաւ ծուխերու աճին, նուիրատուութիւններուն, Առաջնորդարանի աջակցութեան անոնց գործունէութեան եւ վարչական լաւագոյն գործունէութեան օրինակներ։ Մասնակիցները գնահատեցին սեմինարի տեղեկատուական բովանդակութիւնը եւ փորձառութիւններ կիսելու կարելիութիւնը։
Յառաջիկայ Մայիսին, Ազգային Երեսփոխական Ժողովին զեկոյց պիտի ներկայացուի այս համագումարներուն մասին։