Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԵՒ ԽՈՐԻՄԱՍՏ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն այս շաբաթ ծանօթ է Առաջաւորաց Պահք անունով, եւ ինչպէս վեցերորդ դարու պատմիչ՝ Զենոբ Գլակ կը յայտնէ, ասիկա պահեցողութեան շրջանն է, նշանակուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ։ Այս շաբաթապահքը կը բաղկանայ երկու եռօրեայ պահեցողութիւններէ. Կիրակի երեկոյէն Չորեքշաբթի առաւօտ եւ Չորեքշաբթի երեկոյէն մինչեւ Շաբաթ առաւօտ։ Առաջին երեք օրերը ի յիշատակ են Յովնան մարգարէի կէտ ձուկի փորին մէջ գտնուելուն, իսկ յաջորդ երեք օրերը՝ Նինուէի քաղաքացիներուն վրայ որոշուած պահեցողութեան։ Շաբաթ օրը նուիրուած է Սուրբ Սարգիս Զօրավարին, իր զաւկին՝ Մարտիրոսին, եւ 14 նահատակ զինուորներուն, ուրկէ յառաջ եկած է ժողովրդական «Սուրբ Սարգիսի պահք» կոչումը։

Պահեցողութէեան այս շրջանը մեզի կը յիշեցնէ քրիստոնէական երեք հիմնական կէտեր՝ մարդկային անկեալ բնութիւնը, մեղանչումէ ետք զղջում ու ապաշխարութիւն, եւ վերջապէս Աստուծոյ անհուն ողորմածութինը։

Այս առթիւ, կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնել Յովնան մարգարէի հետ առնչուած պարզ, սակայն խորիմաստ պատմուածք մը։

Դպրոցի մը մէջ, օր մը ուսուցչուհի մը կը հարցնէ իր փոքրիկ աշակերտուհիին, թէ ի՞նչ կը գծէ։ Վերջինս, առանց ընդհատելու իր աշխատանքը, կը պատասխանէ՝ «Յովնան մարգարէն՝ կէտ ձուկի փորին մէջ»։ Ուսուցչուհին, փորձելով առանց վիրաւորելու զգացումները դաստիարակել աշակերտուհին, որ ամենայն ժրաջանութեամբ կը փորձէր աւարտել իր գործը, մեղմութեամբ կ՛ըսէ անոր, «Վստահ եմ, գիտես, թէ ինչ որ կը գծես պարզ առասպել մըն է»։ Աշակերտուհին, լրիւ զարմացած այս բացատրութեան վրայ, գլուխը վեր առնելով կ՛ըսէ․ «Բայց օրիորդ, ես կարդացած եմ իմ Սուրբ Գիրքիս մէջ»։ Ուսուցչուհին ժպիտով մը կը փորձէ համոզել զինք, թէ իրական կարծած իր պատմութիւնը  պարզապէս փոխաբերական իմաստ ունի;

Աշակերտուհին, անկարող ըլլալով համոզել ուսուցչուհին, բայց նաեւ առանց տեղի տալու իր հաստատ հաւատքը, կ՛ըսէ. «Շատ լաւ, ուրեմն երբ դրախտ երթամ, կը հարցնեմ իրեն, թէ ի՞նչ է ճշմարտոգւթիւնը»։

Դաստիարակը, անակնկալի գալով այս հաստատումէն, քիչ մը հեգնական կերպով կ՛ընդդիմախօսէ․ «Հապա եթէ դժոխքն է, ի՞նչ պիտի ընես»։ Աշակերտը անայլայլ կը պատասխանէ. «Այդ պարագային, օրիորդ, դուք իրեն կը հարցնէք»;

Այո, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կրօնքը առեղծուածներ լուծելու համար չէ, այլ աստուածապարգեւ հոյակապ նուէր մըն է, որպէսզի վայելենք աստուածային Յայտնութիւնը, հասկնալու համար պատճառը, ընթացքը եւ նպատակը մեր երկրաւոր գոյութեան, որ կ՛առաջնորդէ յաւիտենական կատարեալ կեանք։

Երանի՜ անոնց, որոնք նման մանուկներու, որոնք անմեղութեամբ եւ մաքրամաքուր սրտով կը վստահին ծնողաց, իրենք եւս ամբողջական հաւատքով իրենց կեանքին մէջ կը յայտնաբերեն եւ կ՛ողջունեն Աստուածային Յայտնութիւնը։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ