News
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ
Շաբաթ, 31 Յունուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի, անոր Մարտիրոս որդիին եւ 14 հաւատացեալ զինուորներուն տօնը։ Այս շարժական տօնը կ՚իյնայ 11 Յունուարի եւ 16 Փետրուարի միջեւ։ Կը հետեւի Առաջաւորաց պահքին, որ թէեւ Ս. Սարգիսի հետ կապ չունի, բայց այս սուրբին հետ կապակցուած է եւ յաճախ կը յիշուի իբրեւ Ս. Սարգիսի պահք։
Սարգիս 4-րդ դարու հռոմէացի զօրավար մըն էր, որ քրիստոնեայ դարձաւ։ Զինուորական աստիճաններէն բարձրացաւ՝ Կոստանդին կայսեր անունով իր քաջարի պայքարին համար։ Յուլիանոս կայսեր գահակալութեամբ, Սարգիս եւ իր որդին ապաստան գտան Հայաստան, ուր քրիստոնէութիւնը արդէն պետական կրօնք դարձած էր։ Այնուհետեւ, անոնք Պարսկաստան անցան՝ պարսից բանակին միանալով ընդդէմ Յուլիանոսի։ Հայր ու որդի բացառիկ քաջութեամբ կռուեցան։ Սակայն, պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը փորձեց զանոնք համոզել, որ քրիստոնէութիւնը ուրանան եւ զրադաշտական կրօնը ընդունին։ Հայր ու որդի մերժեցին եւ նահատակուեցան։ Տասնչորս հաւատարիմ քրիստոնեայ զինուորներ, որոնք ներկայացան մարմինները պահանջելու, նոյնպէս սպաննուեցան։ Ի վերջոյ, քրիստոնեաները ապահովեցին աճիւնները եւ Ասորեստան ղրկեցին։ 5-րդ դարուն, Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց նահատակներուն աճիւնները փոխադրել տուաւ Վասպուրականի Կարպի քաղաքը, ուր վանք մը կառուցուեցաւ գերեզմաններու վայրին վրայ։