Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՍԻԼ ՂՈՐՂԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 3 Փետրուար, 1865)

Երաժշտագէտ Վասիլ Ղորղանեան համարուած է 20-րդ դարու սկիզբի Արեւմտեան Եւրոպայի երաժշտութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը Ռուսաստանի մէջ։

Բուն անունով՝ Բարսեղ Ղորղանեան, ծնած է Թիֆլիս, 3 Փետրուար, 1865-ին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացել է տեղւոյն ռէալական դպրոցին մէջ։ Վեց տարեկանին սկսած է դաշնակ նուագել, իսկ տասներեք տարեկանին արդէն դաշնակահարի համբաւ վայելած է, մինչ շարունակած է երաժշտական ուսումը։ 1880-ական թուականներու վերջերուն աւարտած է Ս. Փեթերպուրկի ռազմա-ճարտարագիտական ուսումնարանը։ Աշխատած է բանակին մէջ իբրեւ ճարտարագէտ, նախ՝ Սարիղամիշի, եւ 1888-1896-ին՝ Թիֆլիսի մէջ։ Միաժամանակ, հանրային ու հրապարագրական գործունէութիւ ծաւալած է, գրելով Կովկասի մամուլին մէջ եւ Մոսկուայի ու Փեթերպուրկի մեծ երաժշտական հանդէսներու թղթակիցի պաշտօնը վարելով։ Վասիլ Ղորղանեան առաջին անգամ նկատած է օփերայի ապագայ աստղերէն՝ երիտասարդ երգիչ Ֆէոտոր Շալիափինի մեծ տաղանդը։

1896-ին ամուսնացած է մեծահարուստ քարիւղատէր եւ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանի աղջկան՝ Աննա Մանթաշեանի հետ։ Նոյն տարին, ձգած է զինուորական ծառայութիւնը եւ ամբողջովին նուիրուած՝ երաժշտութեան։ 1890-ական թուականներուն այցելած էր Գերմանիա, Աւստրիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա, հանդիպելով ժամանակի նշանաւոր երգահաններու՝ Եոհաննէս Պրամս, Ժիւլ Մասընէ, Քամիլ Սէն-Սանս եւ Ճուզեփփէ Վերտի։ 1891-1901-ին, ռուսական երաժշտական ընկերութեան Թիֆլիսի բաժանմունքի վարչութեան անդամ եղած է, իսկ 1900-1904-ին՝ Միջազգային Երաժշտական Ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի տնօրէնը։

1900-ին հիմնած է Անդրկովկասի առաջին ռուսերէն գիտական ու գրական ամսագիրը՝ «Կաւկազսկի վեստնիկ», զոր խմբագրած է մինչեւ 1902, երբ զայն վաճառած է արտասահման հաստատուելու նախօրեակին։ 1904-ին Կովկասի երաժշտութեան մասին ելոյթներ ունեցած է Միջազգային Երաժշտական Ընկերութեան Պերլինի բաժանմունքի նիստերուն, իսկ 1909-ին՝ ընկերութեան Վիեննայի համագումարին։

1924-ին հաստատուած է Երեւան, ուր 1925-1930 թուականներուն հանրային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ, պետական հրատարակչականի երաժշտական բաժնի նախագահ եւ երաժշտանոցի դասախօս-խորհրդական եղած է։

Վասիլ Ղորղանեան  Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մեծագոյն երգահաններուն նուիրուած գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է։ Տասնեակ տարիներ հաւաքած, ուսումնասիրած եւ համակարգած է Պէթհովէնի կեանքին վերաբերող հարուստ նիւթեր, ճանչցուելով որպէս անոր կեանքի եւ գործունէութեան կարեւորագոյն մասնագէտներէն։ 1888-ին հրատարակած է անոր մասին գրքոյկ մը,  1900-ին եւ 1904-ին՝ նամականին, երկու հատորով, եւ 1909-ին՝ մեծածաւալ մենագրութիւն մը։ Հատորներ գրած է նաեւ Վերտիի (1897) եւ Մոցարթի (1900) մասին, այլ գործերու շարքին։ Հայկական եւ վրացական երաժշտութիւնը ուսումնասիրած է, իսկ հաւաքած նիւթերը ամփոփած է «Կովկասեան երաժշտութիւն» հատորին մէջ (1901), ուր ռուսերէն թարգմանութեամբ հրատարակած է Կոմիտաս Վարդապետի «Հայկական եկեղեցական երաժշտութիւն» եւ «Հայ գեղջուկ պարերգեր» աշխատութիւնները։

1934-ին արժանացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։ Մահացած է նոյն տարին, 6 Յունիսին, Երեւան։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։