News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԻՆ
Ուրբաթ, 30 Յունուարի երեկոյեան, երգիչներ Պերճ Թիւրապեան եւ Ալվարդ Մայիլեան Aznavour@100: Le Reprise համերգը ներկայացուցին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ, իբրեւ իւրայատուկ շարունակութիւն առաջին համերգին, որ տեղի ունեցած էր Նոյեմբեր 2024-ին՝ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առիթով։ Երգիչները այդ առիթով ֆրանսահայ արուեստագէտի երգերը հրամցուցած էին հայերէն թարգմանութեամբ, մինչ այս անգամ երգերը գլխաւորաբար ֆրանսերէն եւ անգլերէն էին, քանի մը հայերէն նմոյշներով։ Սրահը լեցուն էր հանդիսականներով, որոնք խորասուզուեցան Ազնաւուրի երգերու իւրայատուկ մթնոլորտին մէջ, զոր Պերճ Թիւրապեան եւ Ալվարդ Մայիլեան գիտցած էին լաւագոյնս վերստեղծել։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ մերթ Արմէն Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, կատարեց արուեստագէտներուն ներկայացումը։
Դադարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գինեձօնը կատարեց Պերճ Թիւրապեանի նորատիպ խտասալիկին՝ Charles Aznavour 100, 25 երգերով, որ երրորդն է անոր Aznavour in Armenian շարքին։ Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ երկու երգիչներուն տաղանդը եւ շեշտեց հայ մշակոյթի դերը իբրեւ պատնէշ մեր ինքնութեան մաշումին դէմ, այնպիսի ժամանակի մը, երբ հայ ազգի ամենէն հիմնական արժէքներն ու աւանդութիւնները կարծէք ենթակայ են սակարկութեան ու զիջումի։ Յիշելով Ազնաւորի յայտնի խօսքը, թէ ինք 100 առ հարիւր հայ էր եւ 100 առ ֆրանսացի, Սրբազան Հայրը զայն բերաւ իբրեւ օրինակ ամէն սփիւռքահայու։






