News
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ
Կիրակի, 1 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով Սուրբ Սարգիսի, որդւոյն՝ Մարտիրոսի, եւ 14 հաւատաւոր զինուորներու նահատակութեան, շեշտեց այն իրողութիւնը, որ առհասարակ բոլոր սուրբերու նահատակութիւնը մանրանկարը կը ներկայացնէ Աստուծոյ անհուն սիրոյն, որ գիտէ ոչինչ խնայել մարդկութեան փրկութեան համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական տօնակատարութիւնը, նուիրուած՝ եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ գործող «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու երիտասարդական միութիւններուն։ Վեհ Պզտիկեանի բացման խօսքէն ետք, յանուն հոգաբարձութեան Սիմոն Պարտիզպանեան հակիրճ զեկոյց մը տուաւ հոգաբարձութեան միամեայ գործունէութեան մասին։ Այնուհետեւ, հանդիսավար Էտի Հազարեան վարեց յայտագիրը, որ գործադրուեցաւ երիտասարդներու կողմէ երգով ու նուագով։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, անդրադարձաւ «Աղ եւ Լոյս»ի առաքելութեան ծագման եւ զարգացման, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծնողաց, որ իրենց զաւակները կը վստահին եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը գնահատագիր յանձնեց «Աղ եւ Լոյս»ին եւ անոր պատասխանտու՝ տիկ. Նայիրի Պետրոսեանին։
Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին նախաձեռնութիւնը երիտասարդական այս շարժումի զարգացման մէջ։ Ուրախութեամբ յայտնեց, թէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին անոր տասնամեակը պիտի նշուի եւ յատկապէս քաջալերեց համագործակցութիւնը գաղութէն ներս գոյութիւն ունեցող երիտասարդական միութեանց։ Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։