News
ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի: Յիշեալ դատը մեր ժողովուրդի եւ մեր եկեղեցւոյ դատն է, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը՝ ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս:
Դատը յետ քննութեան թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն քննութեան մերժուած էր, եւ այժմ կը գտնուի վճռաբեկ ատեանին քով: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Սահմանադրական Դատարանը, որուն պիտի յաջորդէ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը:
Այս ծիրէն ներս, քանի մը օր առաջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն, Լիբանանի նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճէմ Սօֆուօղլուի մասնակցութեամբ։ Քննուելէ ետք դատի իրաւական գործընթացքի նախկին փուլերը, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը։