
News
Ս. ՊՕՂՈՍԻ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Չորեքշաբթի, 4 Փետրուարին, վերջ գրաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի Սուրբ Գիրքի առցանց սերտողութիւնը, նուիրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներու նամակին, որ Աւետարանի ամենախոր ներկայացումներէն մէկն է Աստուածաշունչին մէջ։ Սերտողութիւնը ղեկավարեց բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։
Հոկտեմբերէն ի վեր տասնվեց նիստերը տեղի ունեցան Չորեքշաբթի երեկոյեան, մէկ ժամուան տեւողութեամբ, որուն հետեւեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը, շուրջ 90 հոգիի մասնակցութեամբ, որոնցմէ 55ը կանոնաւոր կերպով հետեւեցան։ Առցանց մասնակիցները արձանագրուած էին ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի տարբեր նահանգներէ (Մէսէչուսէթս, Ռոտ Այլընտ, Քընէթիքըթ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Փէնսիլվէնիա, Ուաշինկթըն, Վըրճինիա, Ֆլորիտա, Միշիկըն եւ Իլինոյ), ինչպէս նաեւ այլ նահանգներէ (Թեքսաս, Արիզոնա եւ Գալիֆորնիա), ներառեալ մէկ հոգի հեռաւոր Աւստրալիայէն։