
News
ՕԿԻՒՍԹ ՇՈՒԱԶԻ (ծնունդ՝ 7 Փետրուար, 1841)

19-րդ դարու վերջաւորութեան, ճարտարապետութեան ֆրանսացի պատմաբան Օկիւսթ Շուազի շեշտած է Հայաստանի կարեւորութիւնը իբրեւ աղբիւր եւրոպական ճարտարապետութեան։
Շուազի ծնած էր Վիթրի-լը-Ֆրանսուա 7 Փետրուար, 1841-ին։ Ճարտարապետական ուսումը ստացած է Փարիզի երկու նշանաւոր ուսումնարաններու՝ Բազմարուեստից վարժարանին (1861-1863) եւ Կամուրջներու եւ Ճանապարհներու ազգային դպրոցին (1863-1866) մէջ։ Ճամբորդած է Հռոմ եւ Աթէնք իր ուսման ընթացքին, կեդրոնանալով հին կոթողներու կառոյցներուն վրայ։ 1877-1901-ին ճարտարապետութեան դասախօս եղած է Կամուրջներու եւ Ճանապարհներու ազգային դպրոցին մէջ։
Աշխատութիւններ գրած է հին Հռոմի (1873), Բիւզանդիոնի (1883) եւ Եգիպտոսի (1904) մասին։ 1899-ին հրատարակած է իր երկհատոր հիմնական աշխատութիւնը՝ «Ճարտարապետութեան պատմութիւնը», ուր քննական հիմքերով ուսումնասիրած է հայ միջնադարեան ճարտարապետութիւնը։ Վեր առած է անոր ինքնուրոյնութիւնը, ի հակադրութիւն այն տեսակէտին, որ հայ ճարտարապետութիւնը կը նկատէր սոսկ իբրեւ բիւզանդական արուեստի ենթաճիւղ մը։ Ըստ Օկիւսթ Շուազիի, հայ ճարտարապետութեան զարգացման բարձրագոյն շրջանը 11-12-րդ դարերուն արձանագրուած է։ Այդ արուեստը տարածուած է դէպի հիւսիսային երկիրները, ուրկէ անցած է Ֆրանսա եւ Պալքաններ, նպատելով Եւրոպայի մէջ ռոմանական արուեստի ստեղծման։ Հայկական ճարտարապետութեան ներգործութիւնը շարունակուած է նաեւ 14-րդ դարերուն եւ նկատելի դարձած Պոլսոյ բիւզանդական կոթողներուն մէջ։ Շուազի առաջադրած է այն տեսակէտը, որ արաբ եւ գոթական ճարտարապետութեան մէջ կիրառուած կամարներու համակարգը նախապէս գոյութիւն ունեցած է հայ ճարտարապետութեան մէջ։ Անոր տեսակէտները կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են անցեալ դարասկիզբի ճարտարապետութեան տեսութեան ձեւաւորման վրայ։
1904-ին, Օկիւսթ Շուազի բրիտանացի ճարտարապետներու արքայական հիմնարկի ոսկեայ մետալը շահած է։ Մահացած է 18 Սեպտեմբեր, 1909-ին, Փարիզի մէջ։