
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ


Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ քրիստոնէական միասնութեան աղօթքի շաբթուան միջ-եկեղեցական աղօթքին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 29 Յունուարին։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկողոս Պարսամեանը։