
News
ՍՈՐՎԻՆՔ ԱՆԲԱՆՆԵՐԷՆ

Վերջին քանի մը տարիներուն յարաբերաբար մեղմ եւ հաճելի ձմեռներ վայելելէ ետք՝ թեթեւ ձիւնով եւ համապատասխան եղանակով, երկու շաբաթ առաջ, գրեթէ ամէն օր ամերիկացիք խուճապի մատնուեցան խստաշունչ ձմերուան բուք ու բորանի ամէնօրեայ լուրերու յայտարարութեամբ։, որուն հետեւանքով ժողովուրդը անխտիր խուժեց supermarket-ները, պարպելով ուտեստեղէնի եւ այլ մթերքի դարակներ, դիմակալելու համար մայր բնութեան սպառնալիքին, որ որքան ալ խիստ, սակայն ժամերու եւ քանի մը օրերու միջեւ տարուբերեցաւ համաձայն շրջաններու։
Չեմ գիտեր, եթէ նման հակազդեցութիւն արդիւնքն է մեր ենթագիտակցութեան մէջ թաքնուած 1930ական թուականներու տնտեսական մեծ տագնապին եւ կամ 1940ական թուականներու համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքին, այնուամենայնիւ կրկնուող երեւոյթ մըն է սա, երբ ամէն անգամ օդերեւութաբանական գրասենեակը նման յայտարարութիւններ ընէ։
Այս մթնոլորտին մէջ, երբ ձիւնամրրիկի յաջորդ օրը պատուհանէս դուրս կը դիտէի, վայելելով մաքրամաքուր ձիւնի գեղեցկութիւնը, նկատեցի որ թռչուններ կը թառին տանս առջեւ փոքրիկ հողամասին վրայ։ Չհասկցայ, թէ ի՞նչ տեսակ սնունդ կը գտնէին կերակրուելու համար։
Յանկարծ անբացատրելի ուրախութիւն մը ողողեց ամբողջ էութիւնս, երբ մեր Տիրոջ մշտաթարմ եւ յաւերժական պատգամը արձագանգեց, թէ «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն որոնք ո՛չ կը ցանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ կ՛ամբարեն, բայց Երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Արդեօք անոնցմէ աւելի թանկագին չէ՞ք դուք» (Մտ 6.26-27):
Կասկած չկայ որ մարդ արարածներս կը ծրագրենք, կը կազմակերպենք եւ ինչքեր կ՛ապահովենք մեզի եւ նաեւ մեր հարազատներուն, երբեմն ո՛չ թէ օրուան մը, ամսուան մը եւ կամ տարուան մը, այլ սերունդներու համար։ Սակայն ո՞ւր է մեր հաւատքը Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ։ Ե՞րբ պիտի ազատագրենք զմեզ ժամանակաւոր մտահոգութիւններէ, որոնք կը սպաննեն Հաւատքի եւ Յոյսի մեր առաքինութիւնները։
Թող որ բանաւորներս ատենը անգամ մը անբաններէն սորվինք, թէ պէտք է ձերբազատինք աննշան մտատանջութիւններէ, եւ փոխարէնը կեդրոնանանք աւելի մնայուն եւ կենսական արժէքներու վրայ, որոնք կեանքի փոթորկաշունչ քամիներէն ազատելով մեզ, կը հասցնեն երկնային ճշմարիտ եւ յարազուարճ Կեանքին։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ