News
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱՄԱԿ ՈՒՂՂԵՑ ԱՄՆ-Ի ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՀԱՅ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ
Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ՝ Ճէյմս Տէյվիտ Վէնսին վերջին օրերուն գրած նամակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անոր ուշադրութեան յանձնեց Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարներուն եւ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման հարցերը՝ դիմելով անոր անձնական միջամտութեան: Յիշեալ նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը շեշտէ թէ՛ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ թէ՛ հոգեւոր-մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:
ԱՄՆ-ի փոխնախագահը յառաջիկայ շաբաթ յաջորդաբար Հայաստան ու Ազրպէյճան պիտի այցելէ: