Featured, Առաջնորդարանէն

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, 10-11 Փետրուարին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ, Թեմիս հոգեւորականաց դասը աւանդական իր հաւաքը ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս)։

Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան հռչակագրին, գլխաւոր նիւթը եղաւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը։ Այս առթիւ, ամբողջ Երեքշաբթի օրը հոգեւորականները ժամերգութիւններով եւ խորհրդածութեամբ ներհայեցողական կեանք վարեցին, միաժամանակ ընթերցելով Թովմաս Քեմփացիի «Նմանութիւն Քրիստոսի» (Imitation of Christ) հոգեշունչ հատորը։

Հոգեւոր նորոգման այս գեղեցիկ փորձառութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ այցելու հովիւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք), պատարագեց եւ քարոզեց։ Օրը փակուեցաւ սիրոյ ճաշով, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ ծխականներուն։

Չորեքշաբթի առաւօտ, Ղեւոնդեանց տօնախմբութեան յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամի ընթերցումով։ Այնուհետեւ, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէչէսուսէթս), կարդաց Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը։ Ապա, հոգեւոր հովիւները բաժնեցին իրենց անձնական տպաւորութիւնները Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրի գործնական թելադրութիւններէն, Քեմփացիի գրքէն, ինչպէս նաեւ հովուական իրենց կեանքի փորձառութենէն։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց այցելութիւնը Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ Ռոպըրթ Աւագեանի, որուն հետ քննարկուեցան գործակցութեան նորանոր ուղիներ։ Անոր կ՚ընկերանային Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր) եւ աւագ երէց, եւ պրն. Տանիէլ Մերեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձու եւ Ուստըրի «Արշաւիր» օթեակի հրամանատար։

Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքով, «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Աշակերտ Քրիստոսի» շարականի հաւաքական երգեցողութեամբ։