
News
«Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հինգշաբթի, 5 Փետրուարին, Կրօնական Ժողովի նախաձեռնութիւն եղող «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը սկսաւ սարկաւագներու նուիրուած յատուկ յայտագիրը Բարշ. Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեանի ղեկավարութեամբ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2026 թուականը հռչակուած է Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի։ Անոր լոյին տակ, դոկտ. Լէյլէկեան կը ներկայացնէ «Հայ Եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը» խորագրով դասախօսութիւններու շարք մը, որ վեց շաբաթներու վրայ պիտի երկարի, ամէն Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 7.00-ին։
Լսարանի առաջին նիստին բացումը կատարուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի աղօթքով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց դոկտ. Լէյլէկեանի հմտութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան մէջ եւ դրուատեց անոր նախանձախնդրութիւնը իր գիտելիքները բաժնելու բոլոր անոնց հետ, որ կը սիրեն Հայ Եկեղեցին եւ պատրաստ են իրենց դաստիարակութիւնը շարունակելու։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց մասնակիցները, որոնք նախանցեալ տարիներու նման այս տարի եւս կը հետեւին այս դասընթացքներուն։