
News
ՄԱԷՍԹՐՕ ՌԱՖՖԻ ՍՎԱՃԵԱՆ (10 Մարտ, 1935 – 6 Փետրուար, 2026)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խոր ցաւով իմացան վաստակաւոր խմբավար Ռաֆֆի Սվաճեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Ուրբաթ, 6 Փետրուարին, Նիւ Եորքի մէջ։
Ռաֆֆի Բաբգէն Սվաճեան ծնած է 10 Մարտ, 1935-ին, Պէյրութ։ Յաճախած է Ս. Նշան վարժարանն ու «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը։ Փոքր տարիքէն կապուած է երաժշտութեան, իսկ 1956-1957-ին յաճախած է Պէյրութի պետական երաժշտանոցը, միաժամանակ երաժշտական տեսութիւն եւ դաշնաւորում սորվելով Բարսեղ Կանաչեանէն։
1957-ին աւարտելէ ետք երաժշտանոցի դասընթացքները, հիմնած է Համազգայինի անդրանիկ երգչախումբը եւ համերգներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած՝ գաղութին մէջ։ 1960-1965-ին ուսումը շարունակած է Մարսէյլի (Ֆրանսա) երաժշտանոցին մէջ, միաժամանակ ղեկավարելով «Արմենիա» երգչախումբը, հիմնադրին՝ Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն Վարդան Սարգսեանի խնդրանքով։ Երգչախումբին հետ համերգներ տուած է հայաշատ քաղաքներու մէջ՝ Մարսէյլ, Վալանս, Լիոն, Տեսին, Վիեն եւ Փարիզ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն։ Այս շրջանին վարած է նաեւ Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը։
1965-ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ստանձնելով Պոսթընի Մշակութային Միութեան երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1966-ին ղեկավարած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Քնար» երգչախումբը, իսկ 1967-1969-ին վարած է տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մշակութային ու երիտասարդական միութեան տնօրէնի պաշտօնը, հիմնելով նաեւ «Սայեաթ-Նովա» երգչախումբը։
1969-ին, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, որպէս հրաւիրեալ խմբավար Ռաֆֆի Սվաճեան ղեկավարած է Նիւ Եորքի Հայ Մշակութային Միութեան (հետագային՝ Համազգային Մշակութային Միութեան) «Գուսան» երգչախումբը։ Հաստատուելով Նիւ Եորք, մինչեւ 2002 թուականը ղեկավարած է Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի եւ Նիւ Եորքի Իրանահայ Միութեան երգչախումբերը, տարեկան մեծ համերգներով։ Երկու տարի հետեւած ու աւարտած է «Ճուլիըրտ» երաժշտանոցի (Նիւ Եորք) նուագավարութեան դասերը։ 1971-1991-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ուէսթչեսթըր, Նիւ Եորք), իսկ 2002-2008-ին՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) դպրաց դասը ղեկավարած է։
2000-ական թուականներուն այցելած է Հայաստան, ուր 2002-ին, 2003-ին եւ 2005-ին համերգներ տուած է։ 2007-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2008-ին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պատուանշանով։ Կեանքի վերջին տարիներուն, խանգարուած առողջութիւնը թոյլ չէ տուած շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը երաժշտական բնագաւառին մէջ։
Հանգուցեալ Ռաֆֆի Սվաճեանի տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 12 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Ուրբաթ, 13 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու անունով, իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի կնոջ՝ Արմինէ Սվաճեանին, զաւակներուն՝ Քրիսթոֆըրին եւ Ալինին, եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։