News
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Այսօր, Հայ Եկեղեցին աշխարհով մէկ կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցական ու ազգային կարեւոր տօնը։ 451 թուականին Սուրբ Վարդան իր 1036 զինակիցներով զոհաբերեցին իրենց ամենաթանկագինը՝ կեանքը, քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի զոհասեղանին վրայ։ Ցորենի հատիկներու նման Աւարայրի հողին մէջ թաղուեցան եւ ապա պտղաբերեցին երբ 484-ին Նուարսակի դաշնագիրը կնքուեցաւ, եւ որ կը նկատուի կրօնի եւ խղճի ազատութեան առաջին պայմանագիրը, կանխելով 1215-ին միջազգայնօրէն ճանչցուած անգլիական Magna Carta-յի համաձայնագիրը։
Իրաւ է որ այս տօնով կը նշենք պատմական իրադարձութիւն մը, սակայն այս դէպքը իւրաքանչիւր սերունդի կը փոխանցէ յաւերժական պատգամ մը, այն՝ թէ մեր ինքնութեան պահպանման համար երբ խարսխուինք աստուածապարգեւ արժէքներու մէջ, որքան ալ շրջապատուած ըլլանք դաժան սպառնալիքներով, ո՛չ միայն կրնանք դիմադրել մարտահրաւէրներու եւ գոյատեւել, այլ ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛ըսէ՝ «Արծաթի նման կը մաքրուինք քուրայի մէջ եւ եօթնապատիկ անգամ կը բիւրեղանանք ոսկիի նման» (Սղ 12․6)։
Հայ ազգի հոգեւոր եւ աշխարհական աւագանիին կողմէ յայտարարութիւնը շատ յստակ էր, ուղղուած գերհզօր դրացի երկրի իշխանութեան, թէ խաղաղ գոյակցութիւնն ու յարաբերութիւնը հիմնուած են հաւատքի փոխադարձ յարգանքի եւ կեանքի այլ դաշտերէն ներս համագործակցութեան վրայ։ Մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը, հայերը առաւել եւս հիմնաւորեցին եւ յստակացուցին իրենց դիրքը, ըսելով. «Ոչինչ կրնայ մեզ հեռացնել մեր այս հաւատքէն, ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ իշխանութիւններ եւ ո՛չ զօրութիւններ, ո՛չ ներկայի եւ ո՛չ ապագայի պատահարները» (Հռոմ․ 8.39)։
Հայ ժողովուրդի պանծալի նախահայր Հայկ նահապետի օրերէն ի վեր բացայայտ է որ Ազատութիւնը մեր DNA-ին մաս կը կազմէ։ Զոհաբերութեամբ ձեռք բերուած ազատութիւնը կը պահպանէ մեր հաւատքն ու իրաւունքները, հակառակ մեզ շրջապատող ազգերու քմայքներուն եւ մեր համբուրելի մայր հողի անդամահատման, ուր Նախախնամութեան տնօրինումով, Նոյեան տապանը հանգչեցաւ, զայն դարձնելով մարդկութեան օրրանը։
Վարդանանց տօնի ոգիով, Քրիստոնեայ հայու մեր ինքնութիւնը թարմացնենք, միշտ կառչած մնալով մեր հաւատքին, հայրենիքին, մշaկոյթին, աւանդութեանց եւ արժէք-ներուն, ուր որ կ՛ապրինք, եւ արժանապատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յայտարարենք, թէ «ոչինչ կրնայ մեզ հեռացնել այս հաւատքէն», եւ թող աշխարհը իմանայ թէ կա՛նք եւ պիտի լինենք որպէս «Լոյսի եւ ցերեկի զաւակներ» (Ա Թես 5․5)։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ