Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԼԵՒՈՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ (25 Փետրուար, 1885)

Սրտաբան Լեւոն Յովհաննիսեան Հայաստանի բժշկական գիտութեան զարգացան եւ հաստատութիւններու ստեղծման առաջնային դէմքերէն մէկը եղած է, ինչպէս եւ հայ բժշկութեան պատմութեան մասնագէտ։

Ծնած է 25 Փետրուար, 1885-ին, Թիֆլիսի մէջ։ 1903-ին աւարտած է Թիֆլիսի առաջին գիմնազիոնը եւ ընդունուած է Խարկովի կայսերական համալսարանի բժշկական ճիւղը, զոր աւարտած է 1909-ին։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, աշխատանքի անցած է հիւանդանոցի բուժման բաժանմունքին մէջ։  1911-ին յանձնած է բժշկութեան տոքթորի գիտական աստիճանի քննութիւններու տեսական մասը։ Վերադառնալով Թիֆլիս, շարունակած է աշխատիլ  Միխայլովեան հիւանդանոցին մէջ, միաժամանակ զբաղելով տոքթորական աւարտաճառը գրելով։ Ամուսնացած է եւ ունեցած՝ երեք զաւակ։

1912-1913-ին Ղազախստանի եւ Ալավերդիի պղնձահանքերու հիւանդանոցը կատարած գործուղումներէ ետք, 1913-ի գարնան Խարկովի մէջ յանձնած է տոքթորի աստիճանի քննութիւններու փորձնական մասը։ Վերադարձած է Թիֆլիս եւ որոշ ժամանակ կրկին աշխատած է Միխայլովեան հիւանդանոցը։

Ա. Աշխարհամարտին զօրակոչուած է Կովկասեան ճակատ, իր մասնագիտոթեամբ ծառայելով մինչեւ 1918։ Իր պարտականութիւններուն բարեխիղճ կատարման համար, պարգեւատրուած է ռուսական երկու շքանշաններով։ 1918-1919-ին Թիֆլիսի եւ Նախիջեւան աշխատելէ ետք, 1919-ին հաստատուած է Երեւան, ուր սկսած է զբաղիլ ջերմատենդի (malaria) վերացումով, իսկ 1920-ին գլխաւորած է ջերմատենդի դէմ պայքարի հանրապետական յանձնաժողովը։ 1922-25-ին Երեւանի բժշական ընկերութեան քարտուղարի պաշտօնը վարած է։

Լեւոն Յովհաննիսեան Երեւանի պետական համալսարանի բժշկական ճիւղի (հետագային՝ Երեւանի բժշկական հիմնարկ) հիմնադիրներէն մէկը եղած է, եւ նախաձեռնած է Արզնիի բուժարանի ստեղծման։ 1937-ին պաշտպանած է բժշկական գիտութիւններու տոքթորի աւարտաճառ՝ «Սրտի օրգանական աղմուկների յառաջացման հարցի շուրջ» նիւթով։ 1940-ին անոր շնորհուած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումը։ Ընտրուած է Հայաստանի նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս (1943) եւ Խորհրդային Միութեան նորաստեղծ Բժշկական Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս (1944)։

1953-1955-ին Յովհաննիսեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի բժշկական գիտութիւններու բաժնի, իսկ 1955-1961-ին՝ սրտաբանութեան բաժնի վարիչն էր։ 1961 թուականին, ան հիմնադրած է սրտաբանութեան եւ սրտային վիրաբուժութեան հիմնարկը եւ զայն ղեկավարած։ Հետագային, հաստատութիւնը վերանուանուած է առողջապահութեան նախարարութեան սրտաբանութեան հիմնարկ, եւ 1972-էն կը կրէ Լեւոն Յովհաննիսեանի անունը։ 1965-ին պարգեւատրուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշի երկրորդ շքանշանով։ Մահացած է 11 Մայիս, 1970-ին, Երեւանի մէջ։

Լեւոն Յովհաննիսեանի հիմնական գիտական աշխատութիւնները նուիրուած են սրտաբանութեան, վարակիչ հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեան եւ գիտա-բժշկական եզրաբանութեան։ Առաջարկած է սրտանօթային հիւանդութիւններու ախոտորոշման նոր մեթոտներ, ուսումնասիրած է սրտի աղմուկներու յառաջացումը եւ բժշկական այլ հարցեր։ Հեղինակած է «Հայ բժշկութեան պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը» հինգ հատորնոց մեծածաւալ աշխատութիւնը, որ հայ բժշկութեան պատմութեան առաջին ամբողջական հետազօտութիւնն է։