
News
Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Շաբաթ, 21 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Թէոդորոս զօրավարը, որ հռոմէական բանակին ծառայած է Լիկինիոյ կայսեր օրերուն։
Թէոդորոսը ծնած էր քրիստոնէական ընտանիքի ծոցին մէջ եւ կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստացած։ Ծանօթ էր իր քաջութեամբ եւ յատկապէս՝ մարդիկ ու կենդանիներ ահ ու սարսափի մատնող օձ մը սպաննելուն համար։ Ան աղօթած էր Տիրոջ եւ օձը ոչնչացուցած իր սուրով։
Հերակլէայի (Թրակիա) հրամանատար նշանակուելով, Թէոդորոս իր զինուորական պարտականութիւնները համադրեց Աւետարանի քարոզչութեան հետ։ Շուտով գրեթէ ամբողջ քաղաքը քրիստոնեայ դարձաւ։ Լիկինիոս կայսր քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի ձեռնարկած ըլլալով, Թէոդորոս ձերբակալուեցաւ եւ մահապատիժէ ազատելու առիթը տրուեցաւ իրեն՝ քրիստոնէութենէ հրաժարելով, բայց մերժեց, ուստի նահատակուեցաւ Հերակլէայի մէջ՝ 319 թուականին։