News
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱԳԻՐ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթ, 21 Փետրուարին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին ներկայացուց չորս ժամուան խոկառնում (retreat)՝ «Մեծ Պահքի ուղեւորութիւն. աստուածաշնչական քարտէս մըն տարեկան հոգեւոր վերանորոգման համար», ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հոգեւոր վերանորոգման տարուան հռչակման։ Ներկայացումը կատարեցին Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վաըիչ։ Անիկա ուղղուած էր հետազօտելու Մեծ Պահքի իմաստը եւ թէ ինչպէ՞ս Հայ Եկեղեցին Մեծ Պահքի սուրբ գրային ընթերցումները կը գործածէ հաւատացեալներուն իբրեւ ուղեցոյց տարեկան ուղեւորութեան մը քրիստոնէութեան հիմքերուն մէջ ի խնդիր հոգեւոր վերանորոգման։ Քսան հոգի անձամբ մասնակցեցան ձեռնարկին, իսկ չորս հոգի հետեւեցան առցանց։
Ներածութիւնը կատարեց հոգաբարձութեան անդամ տիկ. Լիզա Եսայեան։ Յայտագիրը բաղկացած էր առաւօտեան եւ յետմիջօրէի նիստերէ։ Առաւօտուն, Տէր Հայրը կեդրոնացաւ Մեծ Պահքի հովուական երեսին վրայ, ընդգծելով աղօթքի, պահքի եւ բարեգործութեան կարեւորութիւնը։ Յետմիջօրէին, Շանթ Ա. Սարկաւագ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ Ճաշոց գիրքի աստուածաշնչական ընթերցումներուն, որոնք նախատեսուած են Մեծ Պահքի համար, եւ անոնց շրջագիծին։ Այդ շրջագիծը, բացատրեց ան, տարագրութիւնը եւ տարագրութենէն վերադարձն է, որ Հին Կտակարանէն դէպի Նոր Կտակարան ընթացող պատումի հիմնական նիւթն է։


