
News
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Վերջին օրերուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը Իրանի դէմ փաստօրէն ընդգրկած է ամբողջ Միջին Արեւելքը, մահուան, քանդումի, խուճապի, անորոշութեան եւ ընկերային տագնապի իր բոլոր հետեւանքներով: Բնականաբար, միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած հայ գաղութները եւս, առաւել կամ նուազ չափով, ենթակայ դարձած են պատերազմի ստեղծած պայմաններուն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի վտանգալից կացութեան եւ մնայուն կապի մէջ է շրջանի մեր գաղութներուն հետ: 3 Մարտի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած է Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան արտակարգ նիստ մը: Ցարդ Իրանի մեր թեմերուն հետ կարելի եղած չէ որեւէ ձեւով կապ հաստատել, նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու ընդհատումը:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր զոհերուն համար, եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն: Միաժամանակ, ան կոչ կ՚ուղղէ, որ պատերազմական գործողութիւնները դադրին եւ հարցերու արդար լուծում գտնուի քաղաքական բանակցութեան ճամբով:
Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՚ուղղէ մեր թեմերու պատասխանատուներուն, որ առաւելագոյնս հեռու պահեն մեր գաղութները անապահով վիճակներէ եւ օգտակար դառնան համայնքային կարիքներուն, միշտ կապի մէջ ըլլալով Անթիլիասի Մայրավանքին հետ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, ինչպէս միշտ պատրաստ է իր առաւելագոյնը կատարելու՝ աջակցելու թեմերու աշխատանքներուն եւ օժանդակելու անոնց կարիքներուն: