
News
ՖՐԻՏՐԻԽ ՄԻՒԼԷՐ (ծնունդ՝ 5 Մարտ, 1834)

Աւստրիացի լեզուաբան ու հայագէտ Ֆրիտրիխ Միւլէր 19-րդ դարու եւրոպական լեզուաբանութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է։
Ծնած է 5 Մարտ, 1834-ին, Ճեմնիչ (այժմ՝ Չեխիա)։ 1853-1857-ին ուսանած է Կէօթինկէնի եւ Վիեննայի համալսարաններուն մէջ, մասնագիտանալով դասական ուսմանց, ինչպէս եւ սանսկրիտերէնի ու համեմատական լեզուաբանութեան մէջ։ 1858-ին Վիեննայի համալսարանի, իսկ 1861-ին արքունական մատենադարանի տնօրէն եղած է, մինչեւ 1866։ 1859-ին դոկտորական տիտղոսը ստացած է Թիւպինկէնի համալսարանէն։ 1866-ին նշանանակուած է Վիեննայի համալսարանի արեւելեան լեզուներու արտակարգ դասախօս, իսկ 1869-ին դարձած է սանսկրիտերէնի եւ համեմատական լեզուաբանութեան դասախօս։ Նոյն տարին Կայսերական Գիտութիւններու Ակադեմիայի լիարժէք անդամ ընտրուած է։
Միւլէր բոլոր ցամաքամասերու լեզուներուն մասին ուսումնասիրութիւններ գրած է։ Ուսանողական տարիներէն բազմաթիւ լեզուներ սորված է ինքնաշխատութեամբ, իսկ հետագայ տարիներուն՝ միսիոնարներու եւ գիտարշաւներու մասնակցողներու հաւաքած տուաելներու հիմամբ։ Փորձած է կամրջել լեզուաբանութիւնը եւ մարդաբանութիւնը, եւ ջանացած է դասակարգել բոլոր լեզուները եւ բոլոր ցեղերը։
Միւլէր սորված է հայերէն, եւ 1860-ական թուականներուն հայագիտական յօդուածներով աշխատակցած է աւստրիական Գիտութիւններու Ակադեմիայի եւ համալսարանի արեւելագիտական ճիւղի հանդէսներուն։ Պատմա-բանասիրական բնոյթի գործերուն մէջ անդրադարձած է Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութեան, հայ գիրերու գիւտին, Կորիւնի, Ղազար Փարպեցիի, Ստեփանոս Տարօնեցիի (Ասողիկ), Առաքել Դաւրիժեցիի, Վարդան Բարձրբերդցիի եւ Մխիթար Գօշի գործերուն, իսկ լեզուաբանական յօդուածներուն մէջ նաեւ հետազօտած է հայերէնի խոնարհման ու հոլովման համակարգերու կանոնները, բառակազմութիւնը եւ հնչիւնաբանութիւնը, կատարելով բազմաթիւ ստուգաբանութիւններ։ Միւլէր սխալմամբ հայերէնը համարած է իրանական լեզու, նոյնիսկ 1875-ին Հայնրիխ Հիւպշմանի ուսումնասիրութենէն ետք, ուր ան սպառիչ կերպով ապացուցած էր, թէ հայերէնը առանձին ճիւղ մը կը կազմէ հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ։
Բազմավաստակ լեզուաբանը մահացած է 25 Մայիս, 1898-ին, Վիեննայի մէջ։