
News
ԹՈՂ ՄԵԶ ԶՊԱՐՏԻՍ ՄԵՐ

Մեծ Պահքը լաւագոյն ժամանակաշրջանն է ինքնաքննութեան եւ հայցելու Աստուծոյ ներողամտութիւնը։ Ուստի այս հինգերորդ շաբաթը, շարունակելով Տէրունական աղօթքի մեր բացատրութիւնը, կ՛ըսենք. «Թող մեզ զպարտիս մեր որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց – Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»։
Այս աղօթքին մէջ խնդրանքներու յաջորդականութիւնը իրաւ որ հիանալի է։ Վստահ եմ, անոնք որոնք հետեւեցան անցեալ շաբթուան «Զհաց մեր հանապազորդ»ի բացատրութեան, շուտով պիտի նկատեն երկուքին միջեւ ներքին կապը։ Արդարեւ, ինչպէս որ ամէն օր սնունդի պէտք ունինք մեր մարմնի գոյապահպանման եւ առողջութեան համար, նմանապէս պէտք ունինք սնուցանելու մեր հոգին։ Այլ խօսքով, պէտք ունինք Աստուծոյ գթասրտութեան, որպէսզի ներէ մեր մեղքերը, զորս գործած ենք կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար։
Մեղքերու ներումը Սուրբ գրքի կարեւորագոյն նիւթերէն մէկն է։ Դաւիթ մարգարէն, Աստուծոյ հաճելի օծեալ թագաւորը, սաղմոսագրքին մէջ կ՚ըսէ. «Երանի անոր որուն մեղքերը ներուեցան» (Սղ 32.1)։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս անդամալոյծի բուժման առթիւ յայտարարեց, թէ մեղքերու թողութիւնը առաջնահերթութիւն է (Մկ 2.1-12)։ Այլ խօսքով հոգիի առողջութիւնը աւելի կարեւոր է քան մարմնի բուժումը։
Այս խնդրանքով Յիսուս մեզի յստակ կերպով կը սորվեցնէ, թէ մշտական կերպով ներողութիւն խնդրելը, միաժամանակ զիրար ներելը, առօրեայ կենսական սնունդ է մեր հոգիներուն։ Որքան հետեւինք աստուածային այս պատուէրին, այնքան անոր դրական ազդեցութիւնը կը վայելենք եւ մտքի ու հոգիի խաղաղութիւն կ՛ունենանք։
Այս խնդրանքին մէջ ուշագրաւ է երկրորդ մասը, որով հայցելէ ետք Աստուծոյ ներողամտութիւնը, կ՛ըսենք՝ «ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»։ Այս հաստատումը հարցական մը կը ստեղծէ․որպէս թէ մենք ըլլայինք ներողամտութեան օրինակը, որուն ի հետեւումն կը խնդրենք որ Աստուած ներէ մեզի։ Բարեբախտաբար Երկնային Վարդապետը կը յստակացնէ այս շփոթը իր մէկ այլ առակով։ Թագաւոր մը կը կանչէ իր մօտ այն ծառաները, որոնք իրեն պարտք ունէին։ Անոնցմէ մէկը միլիոնաւոր ոսկիի պարտք ունէր։ Ան ծունկի գալով կը պաղատի որ ժամանակ շնորհուի իրեն որպէսզի կարենայ վճարումը կատարել։ Թագաւորը ո՛չ միայն անոր խնդրանքին կ՚ընդառաջէ, այլ ամբողջ պարտքը կը ջնջէ։
Ծառան, դուրս գալով թագաւորի քովէն, կը գտնէ մէկը որ իրեն չնչին գումար մը պարտական էր եւ կը պարտադրէ որ լման պարտքը շուտով վճարէ։ Երբ վերջինս ժամանակ կը խնդրէ, անգութ պարտատէրը կը սպառնայ ընտանիքին եւ ի վերջոյ բանտարկել կու տայ զինք։ Երբ թագաւորը կ՛իմանայ այս մասին, սաստիկ կը վրդովի եւ հաշիւ կը պահանջէ անոր ըրածին համար, ապա զինք բանտարկել կու տայ որպէսզի իր կարգին պարտքը լման վճարէ։ Առակը կ՛աւարտի յատկանշական պատգամով մը։ Յիսուս կ՛ըսէ. «Ահա նոյն ձեւով իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր յանցանքները» (Մտ 18.22-35)։
Վստահ որ աստուածաշնչական այս կարեւոր ենթահողը արեւու լոյսին նման կը յստակացնէ Քրիստոսի պատգամը։ Չնչին պարտքը ոչինչ էր հսկայական պարտքին դիմաց։ Թագաւորի ծառայէն կ՚ակնկալուէր, որ իրեն շնորհուած ներումէն մեկնելով, իր կարգին նոյն վերաբերումը ցոյց տար իր պարտապանին, եւ երբ թերացաւ՝ ըստ այնմ հետեւանքը կրեց։
Այս առակով, Քրիստոս կը սորվեցնէ որ մարդկութիւնը անկարելի էր մեղքի պարտքէն ձերբազատիլ, եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ՝ «մեղքին վարձատրութիւնը մահ է» (Հռ 6.23)։ Աստուած՝ մեր երկնաւոր հայրը, առանց որեւէ պայմանի մեր բոլոր պարտքերը ջնջեց խաչին վրայ եւ անով փրկեց մեզ յաւիտենական բանտարկութենէ։ Հետեւելով առակին մէջ յիշուած դէպքերու յաջորդականութեան, թագաւորի ծառային նման, երբ ներուած ենք Աստուծոյ գթասրտութեամբ, մեզմէ եւս կ՛ակնկալուի ներողամտութեան նոյն ոգին։ Թագաւորին ամբողջական ներումին նման Աստուծոյ Գառնուկին զոհաբերումէն ետք, պատասխանատու ենք մեր արարքներուն, այլ խօսքով՝ եթէ ներենք, Հայր Աստուած պիտի ներէ, եթէ ոչ՝ պիտի դատապարտէ։
Սորվելէ ետք «թող մեզ զպարտիս» խնդրանքին խորքը, գեղեցկութիւնը եւ հրամայականը, պատրաստ ըլլանք միշտ ներելու անոնց որոնք մեր դէմ յանցանք կը գործեն, քաջ գիտնալով որ նման վարմունք մը ո՛չ թէ տկարութեան, ընդհակառակը՝ զօրութեան նշան է, այլ խօսքով՝ ո՛չ թէ պաշտպանողական, այլ յարձակողական մօտեցում է։ Որովհետեւ որքան որ ներենք, աւելիով կ՛իշխենք մեր զգացումներուն վրայ եւ աւելիով ներքին խաղաղութիւն ձեռք կը ձգենք։ Որքան որ ներողամիտ գտնուինք, այնքան զինաթափ ըրած կ՛ըլլանք մեզ վնասողները, իսկ աւելին՝ կը նմանինք մեր երկնաւոր ներողամիտ Սէր Աստուծոյ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ