Կաթողիկոսարանէն

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շարունակելով իր կապերը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած մեր համայնքներուն հետ, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա֊ատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի հետ։ Յիշեալ շրջաններէն ներս ընդհանուր անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը կը շարունակուին։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հեռաձայնով խօսած է Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յովսէփ Աւետեանի եւ Նոր Ջուղայի առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի հետ։ Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, վտանգալից կացութիւնը կը շարուանկուի Իրանի բոլոր շրջաններէն