
News
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺԸՆԹԱՑ ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Մարտին, Ազգային Առաջնորդարանի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու հինգ մասերէ բաղկացած վարժընթաց մը սկսաւ, որ հիմնուած «Նիկիոյ ժողովը եւ Նիկիոյ հանգանակը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» գրքոյկին վրայ, զոր հեղինակած է Բարշ. Շանթ Ա. Սր. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը։ Վարժընթացին արձանագրուած են 21 տնօրէններ եւ ուսուցիչներ։
Առաջին նիստին, Շանթ Ա. Սրկ. Քննարկեց Նիկիոյ հանգանակը ինչպէս որ բանաձեւուած է Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ Նիկիոյ տիեզերական ժողովին (325)։ Երկրորդ նիստը պիտի քննէ հանգանակին հայերէն ընդլայնուած տարբերակը որ կ՚արտասանուի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, իսկ երրորդ նիստը պիտի հետազօտէ հանգանակի դերը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Վերջին երկու դասերուն յաջորդաբար 7րդ-10րդ եւ առաջին-վեցերորդ դասարաններու գործնական աշխատանիստեր տեղի պիտի ունենան, զորս պիտի ներկայացնեն Նայիրի Պալճեան-Պէլ (Ս. Ստեփանոս կիրակնօրեայ դպրոց, Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ Մարինա Թէքէեան (Սրբոց Վարդանանց կիրակնօրեայ դպրոց, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։