Featured, Խմբագրական

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱ՞Ծ Է

Հայոց Ցեղասպանութեան թսնգարան-ինստիտուտի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեանի պաշտօնազրկումը անհանգստութիւն եւ խոր մտահոգութիւն պատճառող իրադարձութիւն մըն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մէկ-երկու շաբթուան շփոթ վարկածներու լրատուութենէն ետք միայն յայտնեց, թէ հրաժարականը պահանջած էր, որովհետեւ դոկտ. Գզոյեան ենթադրաբար «Արցախի հարցի» մասին գիրք մը յանձնած էր ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճ. Տ. Վէնսին։

Նոյնիսկ մէկդի ձգելով այլ նկատառումներ, վարչապետին կողմէ թիւրիմացաբար «Արցախի մասին» համարուող գիրքը ամերիկեան մամուլի լրատուութիւններու հաւաքածոյ մըն է, հրատարակուած՝ 2020-ին, 20-րդ դարու սկիզբին թաթարներու գործադրած հակահայ վայրագութիւններուն մասին։ Արա Քէթիպեանի “Azeri Aggression Against Armenians in Transcaucasia: Reports from the U.S. Press (1905-1921)” հատորի հեղինակային յառաջաբանը ընթերցողին տեղեկութիւններ կը մատուցէ 2020-ի Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդող դէպքերուն մասին։

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի գոյապատճառը, ըստ անոր կայքէջը զետեղուած յայտարարութեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ժառանգութեան պահպանումն է»։ Դոկտ. Գզոյեանի կարճ սակայն բեղուն պաշտօնավարութեան ընթացքին, թանգարան-ինստիտուտը նուաճած է բարձունքներ, որոնք յայտնի կրնան չըլլալ հանրութեան, բայց որոնք ծանրակշիռ են ակադեմական շրջանակներու մէջ եւ մեծապէս կը սատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր բուն հեղինակին՝ Թուրքիոյ, եւ դաշնակից Ատրպէյճանի յամառ ուրացման դէմ յանդիման։ Ինչպէս ըրած էր տասնեակ անգամներ պաշտօնական այլ առիթներու, դոկտ. Գզոյեան փոխնախագահ Վէնսն ու կինը առաջնորդած է դէպի անմար բոցը եւ երեք խաչքարերը, որոնք կանգնեցուած են Ատրպէյճանի 1998-1990-ի հակահայ ջարդերու զոհերու յիշատակին, հետեւելով հաստատուած սովորութեան։ Ան քաղաքական պաշտօնատար մը չէ, այլ յարգուած գիտաշխատող մը շուրջ 60 գիտական աշխատութիւններով, որ հարիւրաւոր նման այցելուներ հիւրընկալած է, թէեւ ո՛չ մամուլի այն հետաքրքրութեամբ, զոր ԱՄՆ-ի փոխնախագահը կրնար առթել։

Այս բոլորը տագնապեցնող հարցում մը կը յարուցանէ. ի՞նչ պիտի բերէ աշխարհի Հայոց Ցեղասպանութեան միակ թանգարան-ինստիտուտի (ի տարբերութիւն հրէական Ողջակէզին նուիրուած աւելի քան 70 թանգարաններու) հետագայ տնօրէններուն։ Այս պաշտօնազրկման վախազդու բնոյթը եւ զայն արդարացնող ճարտասանութիւնը վստահաբար հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէնի ակադեմական ազատութիւնը, զոր ան պէտք է վայելէ հետապնդելու համար հաստատութեան գոյութեան հիմքը հանդիսացող նպատակները, տնօրէնը մղելով ինքնագրաքննութեան, ինչպէս կանոնն էր խորհրդային ժամանակներուն։

Հայրենի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք յետս կոչել ողջմտութենէ զուրկ այս որոշումը, որ վիթխարի հարուած մըն է գիտնականներու եւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու տասնամեակներու տենդագին աշխատանքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդի, եւ վերադարձնել դոկտ. Գզոյեանը իր պաշտօնին։ Միաժամանակ՝ վերահաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի առաքելութիւնը եւ անձնակազմի ակադեմական ազատութիւնը։