Առաջնորդարանէն

«ՄԻՒԶԻՔԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ 41-ՐԴ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Կիրակի, 15 Մարտին, Առաջնորդարանի «Միւզիքլ Արմինիա» ծրագրի 41-րդ տարեկան համերգը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ Գառնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ, որ հանդիսականներով լեցուն էր։ Այս տարուան համերգին ելոյթ ունեցան քոյր-եղբայր երկու երիտասարդ երաժիշտներ՝ Անկելինա Թոզլեան (ջութակ, 20 տարեկան) եւ Սէյրան Թոզլեան (դաշնակ, 23 տարեկան), մեկնաբանելով Կոմիտաս Վարդապետի, Էլկարի, Խաչատուրեանի, Ռաւէլի, Հայտընի, Ռախմանինովի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի գործեր։ Համերգէն ետք, երաժիշտներուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանին մէջ, ուր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դրուատեց ելոյթը եւ քաջալերեց երաժիշները, որ յարատեւեն ջանադիր ու նպատակասլաց աշխատանքի իրենց ուղիին վրայ։ Խօսք առաւ նաեւ հանրածանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ խոստմնալից երաժիշտներուն մասին։

Համերգի մանրամասնութիւններուն համար, կարդացէք Ֆլորանս Աւագեանի անգլերէն յօդուածը այստեղ։