Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին առիթով։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին սկիզբը, յանուն Ազգային Վարչութեան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի, եւ հոգաբարձութեան բոլորանուէր ծառայութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց  համայնքի առողջ կազմակերպուածութիւնը եւ աշխոյժ գործունէութիւնը՝ յարակից մարմիններով եւ քոյր կազմակերպութիւններով։ Ապա, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքը , յայտնեց, թէ ան ո՜չ միայն կը պատկանի անցեալին, այլ բոլոր դարերու օրինակելի տիպար մըն է, որ մեզ կրնայ առաջնորդել մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Որպէս սկզբունքի տէր անձ, Սուրբ Գրիգոր իր հնազանդութիւնը յայտնելով հանդերձ Տրդատ թագաւորին, մերժեց անոր ոչ-աստուածահաճոյ հրահանգը ի գին իր ազատութեան, դիրքին եւ կեանքին։ Ի հետեւումն մեծ սուրբի կեանքին, Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ բոլորս աստուածադիր եւ ազգաշէն արժէքներու հաւատարիմ մնանք եւ ներկայի ժամանակաւոր շահերու ի խնդիր չկործանենք ազգի մը բարգաւաճ ապագայի հիմքերը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ  մատաղի օրհնութիւն։ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնախմբութիւնը։