Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐԸ

Երեքշաբթի, 17 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ՝ տիկ. Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանի (Հալէպ) այցելութիւնը, որուն կ՚ընկերակցէր տիկ. Շողիկ Աւընեան-Գասպարեան (Վըրճինիա)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շահեկան զրոյց մը ունեցաւ տիկ. Ամպարճեանի հետ, որ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչն է Միջին Արեւելքի համայնքներուն մէջ, սուրիահայութեան ներկայ վիճակին մասին։