
News
ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տաքէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր Պալապանեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն՝ տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեան եւ Յարութ Երկանեան։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ վերլուծեց Միջին Արեւելքի պատերազմին բռնկման, զարգացման եւ առաջադրուած նպատակներուն հանգամանքները։ Ապա, ան զեկուցեց պատերազմական պայմաններու մէջ յայտնուած երկիրներու մէջ գործող Կաթողիկոսութեան թեմերուն պարզած վիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, հաղորդելով տեղեկութիւններ հրթիռակոծումներու պատճառով ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս իրանահայ կառոյցներու կրած նիւթական վնասներուն մասին։
Ապա, ժողովականները քննարկեցին շրջանային իրավիճակին հետ կապուած ռազմական ու քաղաքական գործընթացները, կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ։ Հաստատուեցաւ, որ այս պատերազմի, ամէնէն բռնկուն շրջաններէն մէկը Լիբանանն է, ուր իսրայէլեան յարձակումները խախտած են երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։
Ժողովականները յատկապէս լուսարձակի տակ առին շրջանային պատերազմին քաղաքակրթական ու տնտեսական բնոյթը եւ իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական խոր ճգնաժամին հետ կապուած երեւոյթները։
Անդրադարձ կատարուեցաւ ներ-լիբանանեան գաղթականական աննախընթաց ալիքի բարձրացման, ժողովրդագրական փոփոխութեան, կենցաղային սուր խնդիրներուն, տնտեսական հետզհետէ աճող տագնապին եւ ժխտական ազդեցութեան լիբանանեան հասարակութեան ու հայ համայնքին վրայ։
Այս հանգամանքներու համակողմանի քննարկումներէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց.
ա) Միջին արեւելեան մակարդակով ընթացող պատերազմը, որ նպատակադրած է քաղաքական քարտէսի ամբողջ փոփոխութիւնը, կ՚ընթանայ ցնցումներով, որոնք կ՚ազդեն բնականաբար տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ։
բ) Թելադրուած է իւրաքանչիւր թեմի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներուն ըլլալու զգօն, հեռու մնալու վտանգաւոր կացութիւններէ եւ իւրաքանչիւրը տուեալ պետութեան հետ համադրելու արտակարգ իրավիճակներու հետ կապուած նախազգուշական քայլերը։
գ) Լիբանանահայ համայնքը կառչած կը մնայ պետութեան որդեգրած սկզբունքներուն՝ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ներ-լիբանանեան ապահովութեան ու անդորրութեան պահմանման։
դ) Լիբանանի ստացած ծանրագոյն հարուածներու նկատառումով շարունակել համակարգուած աշխատանքները՝ հայահոծ թաղամասերու անդորրութեան պահպանման եւ բարեսիրական գործունէութեան շարունակման։
ե) Յատուկ զգօնութեամբ եւ սթափութեամբ չներքաշուիլ ներ-լիբանանեան բեւեռացումներու եւ լարուածութիւններու՝ պահպանելով լիբանանահայ համայնքին երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու աւանդական վարքագիծը։
զ) Մղել, որ հայկական բարեսիրական միութիւնները համակարգեն մարդասիրական կենցաղային մարզերու մէջ օժանդակութիւններու տրամադրման աշխատանքները։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ նիստերը եւ կարեւոր նկատեց, յատկապէս նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ, նման խորհրդակցական եւ աշխատանքային հանդիպումներու հետեւողական ընթացքը։