Առաջնորդարանէն

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԴՊՐԵՎԱՆՔԵԱՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչական կազմին առաջարկով եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Երկուշաբթի, 23 Մարտին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Նորթ Անտովըրի (Մէսէչուսէթս) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Դպրեվանքի ընծայարանի սաներուն հետ, ծառայական եւ հովուական կեանքի իր փորձառութենէն մեկնած անոնց ներկայացնելով «Դպրեվանքեան կեանքն ու հովուական ծառայութիւնը» նիւթը։

Տէր Ստեփան մանրամասն խօսեցաւ եկեղեցականի կոչման մասին, շեշտելով, որ ան պէտք է ըլլայ Քրիստոսի կենդանի հայելին եւ ծէսը ժողովուրդին մատչելի դարձնող թարգմանը: Ան յորդորեց քարոզը վերածել հաղորդակցական երկխօսութեան, ուր եկեղեցականը, անդադար սորվելու խոնարհութեամբ, Քրիստոսի լոյսը փոխանցէ հաւատացեալին. «Համայնքային կեանքին մէջ, առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի մարդուն, ուր հովիւը, հեռու քաղաքական քարոզչութենէ, հոգեւոր սնունդ ջամբէ հօտին: Որպէս Աստուծոյ արթուն ծառայ, ան կոչուած է աղօթքով եւ համոզումով առաջնորդելու շուրջինները՝ իր վարքով դառնալու վկայութեան կենդանի օրինակ»: Վերջապէս, ան հաստատեց, որ օրինակելի եկեղեցականը ան է, որուն ընդմէջէն ժողովուրդը կը տեսնէ ու կը զգայ Քրիստոսի ներկայութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ Դպրեվանքի տեսչութեան փափաքին ընդառաջելով, այս անհրաժեշտ եւ օգտաշատ առիթը ընծայեց դպրեվանեցիներուն, ինչպէս նաեւ Տէր Ստեփանին՝ խնամքով պատրաստուած իր դասախօսութեան համար։

Յայտնենք, թէ Թեմիս եւ Դպրեվանքի միջեւ հոգեմտաւոր այս յարաբերութիւնը սկսաւ անցեալ տարի, երբ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն.Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), անձամբ վարեց դասախօսական շարք մը։