
News
ԽՈՐԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ (ծնունդ՝ 1 Ապրիլ, 1930)

Խորեն Աբրահամեան հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի նշանաւոր դերասաններէն մէկն էր 1960-ականներէն մինչեւ 1990-ականները։
Ծնած է Երեւան, 1 Ապրիլ, 1930-ին։ Սորված է ջութակ եւ նկարչութիւն, եւ աւարտած է պարարուեստի ուսումնարանը։ 1947-1951-ին ուսանած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ։ Մուտք գործած է Սունդուկեանի անուան պետական ակադեմական թատրոն 1948-ին եւ մարմնաւորած է հայ եւ օտար հեղինակներու բազմաթիւ գլխաւոր դերեր։ 1979-1984-ին վարած է թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչի պաշտօնը։ 1985-1988 թուականներուն Լենինականի (Գիւմրի) պետական թատրոնին մէջ դերասան եւ գործադիր տնօրէն ըլլալէ ետք, վերադարձած է Սունդուկեանի թատրոն որպէս գեղարուեստական տնօրէն (1988-1995)։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Հայաստանի Թատերական Միութեան նախագահի պաշտօնը վարած է։ 1989-1991 թուականներուն եղած է ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր։ Ամուսնացած է երկու անգամ՝ դերասանուհիներ Լիւսիա Յովհաննիսեանի եւ Գոհար Գալստեանի հետ, եւ ունեցած՝ երեք զաւակ։ 1980-ին արժանացած է Խորհրդային Միութեան Ժողովրդական Արտիստի կոչման։
Աբրահամեան շարժապատկերային առաջին քայլերը առած է 1940-ականներու վերջաւորութեան եւ 1950-ականներուն, խաղալով փոքր դերեր հայ եւ ռուսական ժապաւէններու մէջ։ Առաւել նշանակալից դերեր ստացած է «Առաջին սիրոյ երգը» եւ «Մօր սիրտը» շարժանկարներուն մէջ (երկուքն ալ՝ 1958)։ Ճանաչում ձեռք բերած է «Սարոյեան եղբայրներ» (1968) ֆիլմով, որուն բեմադրիչներէն մէկն ալ եղած է, ինչպէս նաեւ Հենրիկ Մալեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» (1970) ժապաւէնի իր խաղարկութեամբ։ Գլխաւոր դերերը խաղացած է «Երեւանեան օրերի խրոնիկա» (1974) եւ «Ապրեցէք երկար» (1979) ֆիլմերուն մէջ։ Նաեւ մարմնաւորած է պատմական կերպարներ «Առաքում» (1976) եւ «Յոյսի աստղը» (1979) ֆիլմերուն մէջ, եւ մասնակցած՝ բազմաթիւ ռուսական ֆիլմերու։ Զուսպ տրամաթիզմը, վերլուծական կեցուածքը եւ յղկուած խօսքը անոր դերակատարութիւններուն գլխաւոր յատկանիշներն էին։
Խորէն Աբրահամեան խաղացած է շուրջ 200 մեծ եւ փոքր դեր բեմին վրայ, բեմադրած է 40 թատերգութիւն եւ նկարահանուած է 64 ֆիլմերու մէջ։ Մահացած է 10 Դեկտեմբեր, 2004-ին Երեւանի մէջ եւ թաղուած՝ Կոմիտասի անուան Պանթէոնին մէջ։