
News
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի շարքի վեցերոդ ու վերջին դասախօսութեան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։
Հսկումի արարողութենէն ետք, դասախօսեց Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը, «Խօսքին ուղին. Աստուածաշունչը իբրեւ հոգեւոր կեանքի հիմք» նիւթին շուրջ, անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի առաջին յանձնարարութեան 2026-ի Հոգեւոր Վերանորոգման Տարիի հռչակագրին մէջ։
Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Շանթ Ա. Սարկաւագի ճիգերը այս յայտագրի կանոնաւոր կազմակերպութեան համար՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն եւ ընդգծեց երիտասարդ արհեստավարժներու մասնակցութիւնը այս հաւաքոյթներուն։
Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։



