
News
ՄԻ ՏԱՆԻՐ ԶՄԵԶ Ի ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

Յառաջիկայ օրերուն աւարտելով Մեծ Պահոց շրջանը, որ տարածուած է վեց շաբաթներու վրայ, կը հասնինք նաեւ Տէրունական աղօթքի բացատրութեան վերջաւորութեան եւ կ՛ըսենք՝ «Թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք, այլ մեզ չարէն փրկէ՛»։ Ի յառաջագունէ խոստովանիմ որ աղօթքին ամենէն դժուար բաժինն է ասիկա ո՛չ միայն մեր հասկացողութեան համար, այլ նաեւ Սուրբ Գրքին մէջ գտնուող անոր տարբեր մեկնութիւններուն պատճառաւ։
Ուստի, նախ ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին։ Յոբի գրքին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուծոյ մօտ երբ սատանան կասկածի տակ կ՛առնէ Յոբի հաւատարմութիւնը, Տէրը իրեն կ՛ըսէ. «Իր ամբողջ ունեցածը քու իշխանութեանդ տակ է, բայց ձեռք չերկարես անոր վրայ» (Յոբ 1.12)։ Յակոբոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Աստուած ոեւէ մէկը չի փորձեր։ Ամէն ոք իր չար զգացումներէն կը փորձուի» (Յակ 1.13-14)։ Իսկ Պօղոս եւ Պետրոս Առաքեալները աւելի դրական մօտեցում կը ցուցաբերեն այս մասին, որուն պիտի անդրադառնանք ստորեւ։
Վերոյիշեալ թանկագին վկայութիւններուն ծանօթանալէ ետք, կ՛ուզեմ այս նիւթը քննարկել Անոր փորձառութեան ընդմէջէն որ մեզի համար փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ բոլոր դարերու մարդկութեան համար հանդիսացաւ կատարեալ օրինակ դիմակալելու ամէն փորձութիւն։ Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը «Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար» (Մտ 4.1)։ Իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ Աստուծոյ Սուրբ Գառնուկը նախ քան խաչին վրայ իր արիւնը թափելը, մարդկային մեր տկարութեամբ տագնապելով, Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթեց ու ըսաւ. «Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՛ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՛ուզես» (Մտ 26.39)։
Փորձութիւնը, որքան ալ թեթեւ կամ ծանրակշիռ ըլլայ, մշտական ներկայութիւն է մարդկութեան կեանքին մէջ Դրախտէն մինչեւ «նոր երկնքի եւ նոր երկրի» ստեղծումը, որուն մասին կը կարդանք Յայտնութեան գրքին մէջ (Յյտ 21․1), մանուկի մը կարկանդակի չմօտենալու իր մօր հրահանգին անհնազանդ գտնուելէն մինչեւ գերագոյն աստիճանի դաւաճանութիւնը։ Յամենայն դէպս, բոլոր պարագաներուն ալ հասարակաց երկու ազդակներ առկայ են` արտաքին եւ ներքին։ Առաջինը ինչ որ աշխարհը կը հրամցնէ մեզի, իսկ երկրորդը՝ մեր ազատ կամքը, որ կրնայ տեղի տալ արտաքին այդ պատճառին կամ մերժել զայն։ Աստուծոյ բարեսէր նախախնամութեամբ եւ բարի կամքով երբ չէզոքացնենք արտաքին դրդապատճառը, ի նպաստ մեզի է, մինչ եթէ տեղի տանք անոր եւ թակարդուինք սատանայի խաբկանքէն, հարթած կ՛ըլլանք մեր անկումին ու կորուստին Ճամբան։
Յակոբոս Առաքեալ ճիշդ է որ կ՛ըսէ, թէ Աստուած մեզ փորձութեան չ՛առաջնորդեր, բայց նոյնիսկ եթէ թոյլ տայ որ փորձուինք, կա՛մ սատանային յաղթելու համար է Քրիստոսի նման, կա՛մ Յոբին պէս որ աներեւակայելի տառապանքներու մէջէն անցնելով զօրաւոր մնաց եւ դարձեալ յաղթելով փորձութեան՝ աւելիով օրհնուեցաւ, եւ կա՛մ Պետրոս Առաքեալի նմանելու, որ իր ուրացումի փորձութեամբ իր Ես-ը խոնարհեցուց։ Այս մասին Պօղոս Առաքեալ ալ կ՛ըսէ. «Գիտենք որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւն՝ տոկունութիւնը» (Հռ 5.3-4)։ Իսկ Պետրոս Առաքեալ կ՚ըսէ, թէ «Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ, նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա, ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար։ Այդպիսով փորձուած ձեր հաւատքը շա՛տ աւելի թանկագին է, քան կորստական ոսկին՝ որ կրակին մէջ կը փորձուի, որուն համար ալ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի՝ պիտի գովէ ձեզ եւ փառքի ու պատիւի արժանացնէ» (Ա Պետ 1.6-7)։
Փորձութիւնները անբաժան մաս կը կազմեն մեր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան տագնապներուն ու վերիվայրումներուն, եւ անկարելի է խուսափիլ ու զերծ մնալ անոնցմէ։ Մեծագոյն փորձութիւնը սակայն այն է, թէ մեր նախահօր Ադամին նման անհնազա՞նդ կը գտնուինք Հօր կամքին եւ կը զրկուինք Անոր ներկայութենէն, թէ երկրորդ Ադամին՝ Քրիստոսի նման կը հնազանդինք Աստուծոյ կամքին եւ կը վայելենք Անոր օրհնութիւնը։ Անապատին մէջ Օծեալ եւ Հօր Աստուծոյ սիրեցեալ Միածին Որդին բացարձակապէս յաղթահարեց փորձութեան, իսկ Գեթսեմանիի մէջ մեր Տէրը եւ բնութեամբ մեր եղբայրը Յիսուս Քրիստոս, մարդկային մեր փխրուն բնութիւնը ցուցաբերելով հանդերձ, որպէս Աստուծոյ հնազանդ Որդին, մահուան գնով յաղթահարեց փորձութեան, ապահովելով մարդկութեան Փրկութիւնը։
Տէրունական աղօթքի այս խնդրանքը ըստ էութեան հասկնալէ ետք, որ խորքին մէջ ի խորոց սրտի աղաչանք է, քաջ գիտնալով մեր բնութեան տկարութիւնը, երբեք չվարանինք Դաւիթ մարգարէի նոյնանման աղաչանքով ներկայանալու Աստուծոյ, որ կ՛ըսէ. «Քեզի՛ վստահած եմ, ո՜վ իմ Աստուածս, թող ամօթով չմնամ, թող թշնամիներս չխնդան իմ վրաս» (Սղ 25.2)։ Այս հասկացողութեամբ «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն»ը կը դառնայ ո՛չ թէ տկարութեան աղաղակ, այլ վստահութեան քայլերգ՝ Հաւատքի եւ Յոյսի։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ