Առաջնորդարանէն

«ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2026-ի հռչակման իբրեւ Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի, Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Սահակ-Մեսրոպ» լսարանի այս տարուան ուսումնական ծրագիրը հոգեւոր վերանորոգման կ՚անդրադառնայ։

Դասախօսութիւններու առաջին շարքին, 12 Փետրուարէն մինչեւ 19 Մարտ, Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան մասնագէտ՝ դոկտ. Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեան, վեց դասախօսութիւններով անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելականութեան, բացատրելով թէ ինչո՞ւ ան թէ՛ ծագմամբ եւ թէ՛ զարգացմամբ առաքելական է։ Աւելի քան 60 հոգի մասնակցեցան առցանց դասախօսութիւններուն, ուր քննուեցաւ թէ ինչպէ՞ս առաքեալները քրիստոնէութիւնը բերին հայ ժողովուրդին եւ թէ ինչպէ՞ս Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ պահպանել առաքելական ժամանակներէն ժառանգուած աստուածաբանութիւնն ու ծէսը մինչեւ օրս։ Դասընթացքները հայերէն եւ անգլերէն ներկայացուեցան, եւ բոլոր մասնակիցները ստացան անհրաժեշտ դասանիւթեր։ «Ս. Սահակ-Մեսրոպ» լսարանը կատարեց դասախօսութիւններու ձայնագրութիւնը։

Յաջորդ դասախօսութիւններու շարքը պիտի ներկայացնէ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանը՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն), Սուրբ Պատարագի ոգեղինութեան մասին, 9, 23 ու 30 Ապրիլին եւ 7 ու 21 Մայիսին։