Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Հինգշաբթի, 2 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), այցելեց Փրաւիտընսի կաթոլիկ թեմի առաջնորդ՝ Պրիւս Եպս. Լեւանտովսկիին։ Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը տարբեր հարցերու շուրջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հիւրընկալին նուիւրեց Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ արտադրուած յատուկ զարդախաչ մը։