Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈՍԹՈՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 30 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), այցելեց Պոսթոնի կաթոլիկ թեմի առաջնորդ՝ Ռիչըրտ Արք. Հեննինկին, որուն կ՚ընկերանար ընդհանուր փոխանորդ՝ Ռոպըրթ Օլիվըր։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող զանազան հարցեր։ Սրբազան Հայրը հայկական գեղեցիկ լանջախաչ մը նուիրեց կաթոլիկ առաջնորդին։