Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ (մահ՝ 7 Ապրիլ, 2022)

Մկրտիչ Մարկոսեան հայալեզու գաւառական գրականութեան վերջին ներկայացուցիչը եղած է։

Ծնած է Տիգրանակերտի Խանչէբէք թաղին մէջ, 23 Դեկտեմբեր, 1938-ին։  Նախնական ուսումը տեղւոյն թրքական վարժարաններու մէջ ստանալէ ետք, եկած է Պոլիս, ուր ուսանած է Պէզճեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Իսթանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ։ Գարակէօզեան որբանոցին մէջ հսկիչ-ուսուցիչ եղած շրջանին (1959), բանաստեղծ ընկերոջ՝ Վարդերես Գարակէօզեանի հետ հրատարակած է «Թօ» ամսաթերթը։ 1966-1972 թուականներուն վարած է Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը եւ դասաւանդած է հայերէն ու փիլիսափայութիւն: Յետոյ ասպարէզը ձգած է եւ առեւտուրով զբաղած։ Հայերէն եւ թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով աշխատակցած է մամուլին։ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած պատմուածքներուն մէկ մասը հրատարակուած է «Մեր այդ կողմերը» խորագրով առաջին գիրքին մէջ (1984), որ վերահրատարակուած է 1994-ին։

1993-ին հիմնած է «Արաս» հրատարակչատունը Եդուարդ եւ Փայլինէ Թովմասեան ամոլի, Հրանդ Տինքի եւ եղբօր՝ Արտաշէս Մարկոսեանի հետ։ 1999-ին լոյս ընծայած է հայերէն երկրորդ գիրքը՝ «Տիգրիսի ափերէն»։ Հրատարակած է նաեւ թրքերէն արձակի չորս հատորներ՝ 1995-ին, 1998-ին, 2006-ին եւ 2016-ին։ Տարիներ շարունակ զանազան թերթերու մէջ («Էվրէնսէլ», «Ակօս», «Ենի Եիւզյըլ» եւ «Ենի Կիւնտէմ») հրատարակուած թրքերէն յօդուածները նաեւ լոյս տեսած են առանձին հատորներով։

Մարկոսեանի «Մեր այդ կողմերը» գիրքը հրատարակուած է երկու անգամ թրքերէն եւ թարգմանուած է քրտերէնի (երկու հրատարակութիւն) ու անգլերէնի։ 2022-ին հեղինակի պատմուածքներու հաւաքածոյ մը լոյս տեսած է ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։

Մկրտիչ Մարկոսեան մահացած է 7 Ապրիլ, 2022-ին, Պոլսոյ մէջ, ու թաղուած՝ Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը: