
News
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) ծխականները նշեցին Ծաղկազարդն ու Աւագ Շաբաթը ամէնօրեայ արարողութիւններով։ Արմանտ Քիպարեան Դռնբացէքի արարողութեան կնքահայրը եղաւ, իսկ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Աւագ Հինգշաբթի օրուան նախագահեց։ Աւագ Շաբաթ օր, «Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերները եւ եկեղեցւոյ մանուկները Սուրբ Հաղորդութիւնը ստացան, որուն հետեւեցաւ նախաճաշ մը։









