
News
ԼԻԼԻ ՉՈՒԳԱՍԶԵԱՆ (մահ՝ 10 Ապրիլ, 2012)

Լիլի Չուգասզեան 1960-1970-ական թուականներուն համարուած է աշխարհի քոնթրալթօ ձայնով առաջնակարգ երգչուհիներէն մէկը, ինչ որ զուգադիպած է Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի մէջ իր ամենափայլուն շրջանին։
Ապագայ երգչուհիին ընտանիքը գաղթած է Սեբաստիայէն 1909-ին, եւ հաստատուած՝ Շիքակօ, ուր ան ծնած է 1 Օգոստոս 1921-ին, երեք զաւակներու կրտսերը հանդիսանալով։ Մանուկ տարիքէն երգած է երաժշտական երեկոյթներու, դպրոցական համերգներու եւ տօնական ձեռնարկներու ժամանակ։ 1941-ին ամուսնացած է Գէորգ Գահուէճեանի հետ, որ մահացած է 1987-ին։ Ունեցած են երեք զաւակ եւ տասնմէկ թոռ։
1950-ական թուականներուն երգած է հայկական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մէջ։ 1959 թուականին ելոյթ ունեցած է Լիթլ Ռոք (Արքանզաս) քաղաքի օփերային թատրոնին մէջ եւ մեծ ճանաչման արժանացած է։ 1962-1986-ին Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերայի թատրոնի մեներգչուհի եղած է, 290 ելոյթներով։ Ան մեկնաբանած է շուրջ 30 գլխավոր դերերգեր եւ բազմայիւ համերգներ տուած աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերու անուանի նուագավարներու հետ։ Բացառիկ ձայնային ծաւալի շնորհիւ տարբեր ոճերու երգերու հետ իր երգացանկին մէջ ունեցած է երաժշտական մեծածաւալ գործեր։ Լիլի Չուգասզեան նաեւ մեկնաբանած է հայկական երգեր («Կռունկ», Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Օրօրոցային», եւայլն)։ Սեպտեմբեր 1967-ին ելոյթ ունեցած է Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի թատրոնին մէջ, մարմնաւորելով Փառանձեմը՝ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերային մէջ, եւ Ամներիսը՝ Ճուզեփփէ Վերտիի «Այտա» օփերային մէջ։
1978-ին հայերէն երգած է Սպիտակ Տան մէջ, իսկ 1981-ին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պետրոս Ադամեանի անուան մրցանակին։
1986-ին աւարտած է իր երգային ասպարէզը եւ այնուհետեւ դարձած՝ Եէյլ համալսարանի երաժշտութեան դպրոցի դասատու։ Մահացած է 9 Ապրիլ, 2012-ին, Պրէնֆըրտի մէջ (Քընէթիքըթ)։