Առաջնորդարանէն

Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն մը Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներու նամակին մասին։ Այս առցանց ծրագիրը, հովանաւորութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, սկսած էր Հոկտեմբեր 14ին, ղեկավարութեամբ Քրիստոնեայ Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի։ Ամէն Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած ծրագիրը, որ ութ մասերէ եւ երկու հարց ու պատասխանի բաժիններէ  բաղկացած էր, ունեցած է 45-50 մասնակից։

«Միայն թէ Աւետարանին արժանի ձեւով ընթացէք» (Փիլ 1.27)։ Ահա այս է Պօղոս Առաքեալի գլխաւոր պատգամը այս նամակին մէջ։ Առաքեալը այնուհետեւ Փիլիպպեցիներուն եւ, բնականաբար, բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն կը բացատրէ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այսպէս ապրիլ։

Տօնական օրերէն ետք, Առաջնորդարանի յաջորդ սերտողութիւնը պիտի կեդրոնանայ Սաղմոսագիրքին վրայ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *