Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ՝ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Այս տարի, համավարակը տարբեր բնոյթ տուած էր Ճրագալոյցին ու Ս. Ծնունդին Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Երկու օրերուն, եկեղեցին բաց էր հաւատացեալներուն՝ ապահովութեան անհրաժեշտ միջոցներով, եւ եկեղեցական արարողութիւնները նաեւ ուղղակի կերպով սփռուեցան։ Չորեքշաբթի, Յունուար 6ին, Ջրօրհնէքի արարողութեան կնքահայրն էր՝ Փիթըր Զէյթունեան։