ՇԱՏ ՄԸ ԲԱՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՆԵՏԵԼՈՎ
Ի՞նչ կապ ունին գլխարկն ու բանտարկեալը, կամ սակարկութիւնն ու անուանարկութիւնը (անունը արատաւորել)։
Բոլորն ալ կը պարունակեն արկ բառը, որ ներկայիս կը նշանակէ «հրետանիով արձակուող զինամթերք», եւ որ մեզի ծանօթ ու նուազ ծանօթ բազմաթիւ բառերու մաս կը կազմեն։ Այս բառը, որ իրանական ծագում ունի, երբեք առանձինն չէ գործածուած գրաբարի մէջ, բայց դարձած է արկանել («նետել») բայի արմատը։ (Մատթէոս 7:6 կ՚ըսէ. «…մի արկանէք զմարգարիտս ձեր առաջի խոզաց…», որ կը թարգմանուի՝ ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ)։
Աւելի՛ն. արկ բառը բազմաթիւ իմաստներ զարգացուցած է («մուծել», «տարածել», «հանել», «վերագրել»), եւ ահա այսպէս յայտնուեցան բազմաթիւ բառեր, ինչպէս արկած, ակնարկել («աչք նետել»), առարկայ, ձեռնարկել («ձեռք նետել»), թուարկել («թիւ նետել»), եւ այլն։
Եղած են այլ իմաստներ, ինչպէս «լեցնել», «ծածկել», «անասունի մորթ», «շինել», եւ այսպէս ծագած են նորանոր բառեր, ինչպէս վերարկու («վրան նետել»), գլխարկ («գլխուն նետել»), յարկ (ի տեղադրութեան մասնիկը + արկ)։
Ահաւասիկ այսպէս կը կապուին գլխուն նետուած գլխարկը եւ բանտը նետուած բանտարկեալը, ինչպէս «նետուած գին»ը (սակարկութիւն) եւ «[գետին] նետուած անուն»ը (անուանարկութիւն)։
Բազմաթիւ ուրիշ բառեր կան, ուր «նետել»ը (արկ) դեր մը ունի։ Դեռ պիտի խօսինք այս մասին։
Shnorhagalootiun hedakrkir er hadjely eh nor zarkatsoom oonenal mer lezvin masin yerpek aytbes chei mdadsads (kidtsadsnis al amerigai mech ge mornak gor che kordsadselen)gaghotenk tsez hamar mnak aroghch yev dere mer hay azkin🙏🙏🙏🙏🙏🙏🙏🙏🙏❤🇦🇲❤🇦🇲❤🇦🇲❤🇦🇲❤