ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (մահ՝ 29 Յունուար, 1999)
Սիլվա Կապուտիկեանի կողքին, Մարօ Մարգարեան հաւանաբար ամենէն ծանօթ բանաստեղծուհին էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Անոր ստեղծագործական տարերքը, գրած է գրականագիտուհի Ժենիա Քալանթարեանը, եղած է «մարդու հոգեւոր եւ բարոյական աշխարհի, մտերմիկ ապրումների ոլորտը»։
Ծնած է 22 Դեկտեմբեր, 1915ին, Վրաստանի Մառնէուլի շրջանի Շուլաւեր (այժմ՝ Շահումեան) քաղաքին մէջ։ Տեղւոյն դպրոցները յաճախելէ ետք, 1933ին Թիֆլիսի նկարչութեան ակադեմիան մտած է, բայց այնուհետեւ փոխադրուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղը, զոր աւարտած է 1938ին։ Այդ միջոցին, 1935ին հրատարակած էր իր առաջին բանաստեղծութիւնը, իսկ երկու տարի ետք՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ դարձած։ Խորհրդային Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական բաժնին մէջ ուսումը կիսատ ձգած է՝ գրականութեան նուիրուելու համար։ 1940ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Մտերմութիւն»։
1967-1984ին, աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին մէջ։ 1970ական թուականներուն այցելած է Միացեալ Նահանգներ։ Մ. Մարգարեանի սիրոյ, մարդկային յարաբերութիւններու եւ հայրենիքի նուիրուած բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են աւելի քան տասնեակ մը հատորներու մէջ, որոնցմէ ամենէն կարեւորները եղած են «Լիրիկական լուսաբաց» (1957), «Ձնհալից յետոյ» (1965), «Լցուած լռութիւն» (1972) եւ «Նուիրումներ» (1982)։ Վերջինիս համար ստացած է Գրողներու Միութեան «Աւետիք Իսահակեան» մրցանակը (1981) եւ Հայաստանի պետական մրցանակը (1983)։ 1985ին ստացած է «Ժողովուրդների բարեկամութեան» շքանշանը։ Բանաստեղծութեան քանի մը ժողովածուներ լոյս տեսած են ռուսերէնով։
Մարօ Մարգարեան ամուսնացած է արուեստաբան Սարգիս Բայանդուրի (1911-2000) հետ։ Ունեցած են երկու զաւակներ՝ թարգմանչուհի եւ իրաւապաշտպան Անահիտ Բայանդուր (1940-2011) եւ նկարիչ Աշոտ Բայանդուր (1947-2003)։ Մարօ Մարգարեանի եղբայրը՝ Բենիամին (1913-1985), աստղագէտ էր ու 1970ական թուականներուն «Մարգարեան» կոչուած կաթնածիրերուն (galaxies) հեղինակը, որոնք ներշնչած են Նիւ Եորքի «Մարգարեան» հագուստեղէնի մակնիշին (brand) անունը։
Բանաստեղծուհին մահացած է 29 Յունուար, 1999ին Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Բիւրականի մէջ։