Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ՈՍԿԵԱՆՔ ԵՒ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆՔ

Այսօր, Հինգշաբթի, 1 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Ոսկեանք եւ Սուքիասեանք հինգ քահանաներուն տօնը։ Անոնք Հռոմ առաքուած էին իբրեւ դեսպան հայոց Սանատրուկ թագաւորին կողմէ, եւ ճանապարհին հանդիպած էին Թադէոս առաքեալին, որ զիրենք դարձի բերած ու մկրտած էր։ Անոնց ղեկավարին անունը Ոսկի էր։ Քառասուն տարի իբրեւ ճգնաւոր ապրելով լեռներու մէջ, յետոյ քարոզած են արքունիքէն ներս ու նահատակուած՝ 107 թուականին։