ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՄԱՐՏ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Դ. ԿԻՐԱԿԻ – ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՄԱՐՏ
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ Դ. ԿԻՐԱԿԻ – ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 56:1-57:21
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 16:1-31
Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց.
– Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր: Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները: Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր: Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»:
Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ: Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ: Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»: Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»: Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»: Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար: Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները: Եւ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին:
Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է: Հետեւաբար, եթէ աշխարհիկ հարստութիւնը գործածելուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի: Այսինքն, եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը: Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ՝ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ՝ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ: Չէք կրնար միեւնոյն ատեն թէ՛ Աստուծոյ ծառայել եւ թէ՛ դրամին:
Փարիսեցիները, որոնք դրամասէր էին, երբ այս բոլորը լսեցին, սկսան հեգնել զինք: Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը: Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է: Մովսէսի Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները մինչեւ Յովհաննէս ի զօրու էին. անկէ ասդին Աստուծոյ արքայութիւնը կ’աւետարանուի եւ ամէն մարդ կը փութայ բռնութեամբ ներս մտնել: Աւելի դիւրին է որ երկինքն ու երկիրը կորսուին, քան Օրէնքին ամենափոքր տառը:
Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ կը շնայ. նոյնպէս կը շնայ ան՝ որ արձակուած կնոջ հետ կ’ամուսնանայ:
– Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ’ընէր: Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, որ անոր դռան առջեւ կը նստէր եւ կը յուսար իր փորը լեցնել մեծահարուստին սեղանի աւելցուքներով: Ղազարոս վէրքերով ծածկուած էր, եւ շուներ կու գային իր վէրքերը կը լզէին: Աղքատը մեռաւ եւ հրեշտակները զինք տարին Աբրահամի մօտ: Մեծահարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ: Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսը՝ անոր քով: Մեծահարուստը աղաղակեց. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՛ ինծի եւ ղրկէ Ղազարոսը, որ մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ այս կրակին մէջ ծարաւէն կը տառապիմ»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս դուն քու կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր, մինչ Ղազարոս չարչարուեցաւ: Հիմա անիկա հոս կը հանգստանայ, մինչ դուն հոդ կը տառապիս: Գիտցի՛ր նաեւ, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար, եւ ոչ ալ մէկը հոնկէ մեր մօտ կրնայ գալ»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, հա՛յր, Ղազարոսը ղրկէ իմ հօրս տունը, ուր հինգ եղբայրներ ունիմ. թող զանոնք նախազգուշացնէ՝ որպէսզի անոնք ալ տանջանքի այս վայրը չգան»: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոնց պատուիրանները լսեն եւ գործադրեն»: Մեծահարուստը ըսաւ. «Ատիկա բաւական չէ, հա՛յր Աբրահամ. բայց եթէ մեռելներէն մէկը յարութիւն առնէ եւ երթայ իրենց՝ պիտի ապաշխարեն»: Աբրահամ պատասխանեց. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»:
ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:17-5:14
Արդ, Տիրոջ կողմէ կ’ազդարարեմ ձեզի.- Չըլլայ որ կրկին դառնաք այն կենցաղին, որով հեթանոսները կ’ապրին անմտօրէն: Անոնց միտքը խաւարած է. իրենց տգիտութեան եւ յամառ անտարբերութեան պատճառով՝ օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, եւ քանի այդ կեանքին յոյսը չունին, իրենք զիրենք անառակութեան տուած՝ ամէն պղծութիւն կը գործեն անյագօրէն: Բայց ես ձեզի սորվեցուցի, թէ այդ չէ՛ Քրիստոսի ճամբան: Դուք լսեցիք իր պատգամները եւ իրեն միանալով սորվեցաք՝ թէ Յիսուսի մէջ է ճշմարտութիւնը: Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ:
Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք: «Ամէն մարդ ճշմարտութիւնը թող ըսէ իր ընկերոջ», ինչպէս կ’ըսէ մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք: Եւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ՝ «Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք». եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն: Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային: Ով որ գողութեամբ կ’ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են: Ոեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն: Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին: Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար: Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք եւ հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ’ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն: Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի:
Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ: Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին: Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ: Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ’ընէ, պղծասէր է կամ ագահ – ինչ որ կռապաշտութիւն է – ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ արքայութեան մէջ: Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ: Ասկէ ետք ոեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ, որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք: Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ջանացէք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է: Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին, որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան: Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ’ըսէ.-
«Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած.
դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ,
եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ»: