Վարք Սրբոց, Սուրբերու Կեանքը, Աշխարհաբարի Վերածուած Գրաբար “Վարք Սրբոցէն” (լաթակազմ)
$25.00
Out of stock
Այս գիրքը չորրորդ տպագրութիւնն է՝ աշխարհաբարի վերածուած գրաբարէն, որ լոյս տեսած էր 1970ին Հայ Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Յառաջաբանին մէջ, Գարեգին եպս. Սարգիսեան (յետագային՝ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) գրած է, ի միջի այլոց.
«Բայց չի բաւեր հարուստ ըլլալ անցեալով։ Մենք պէտք է այսօ՛ր հարուստ զգանք մենք զմեզ, հոգեկան հարստութեան զգացումով, հաղորդուելով Սուրբերու յիշատակին հետ։ Ի՞նչ կեանքով ապրած են. ի՞նչ գաղափարներ իրենց կեանքին մէջ դեր կատարած են. ի՞նչ նուաճումներ իրագործած ենք անոնք. Ի՞նչ նպատակներու ծառայած են։ Պէտք է այլեւս դադրին անոնք պարզ անուն ըլլալէ շրթունքներուն վրայ։ Պէտք է դառնան ապրո՛ղ անձեր մեր կեանքերուն մէջ։ Մէկ խօսքով, պէտք է դուրս գան «Յայսմաւուրք»ներու եւ «Վարք Սրբոց»ներու խոնաւ, փոշոտած եւ գրաբարի մշուշին մէջ ծածկուած իրենց թաքստոցներէն, որոնց մէջ կարծես բանտարկուեր են։ Պէտք է բնակին մեր հոգիներո՛ւն մէջ։
(…) Թող այս գիրքը ըլլայ խթան եւ գրգիռ սուրբերու ճանաչման այդ ոսկի ճամբուն վրայ…»։
Weight | 2.7 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.